image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա» ներողութիւն խնդրեց լիբանանցիներէն. Երեսփոխան Ռաատ կոչ ըրաւ խորհրդարանի տոմարներէն հանել երեսփոխան Մուսաուիի արտայայտութիւնները

«Հըզպալլա» ներողութիւն խնդրեց լիբանանցիներէն. Երեսփոխան Ռաատ կոչ ըրաւ խորհրդարանի տոմարներէն հանել երեսփոխան Մուսաուիի արտայայտութիւնները

«Հըզպալլա»ի երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երսփոխան Մուհամմատ Ռաատ հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ խորհրդարանին մէջ: Ան իր խօսքով ներողամտութիւն հայցեց լիբանանցիներէն, երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուիի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն առընթեր:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Մուսաուի արտայայտած է իր սեփական կարծիքը եւ ատոր դիմաց մենք բորոլ լիբանանցիներէն ներողութիւն կը հայցենք:

Ռաատ աւարտին նաեւ կոչ ըրաւ խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի երեսփոխան Մուսաուիի կատարած յայտարարութիւնները հանուին խորհրդարաի տոմարէն:

խորհրդարանի ողջունած է Ռաատի այս կեցուածքը:

Յիշեցնենք, որ Նաուաֆ Մուսաուի  մէկ օր առաջ բուռն կերպով քննադատած էր Լիբանանի նահատակ նախագահ Պաշիր Ժըմայէլը, յայտնելով, որ ան իսրայէլեան թանկերու վրայ է, որ հասաւ նախագահական պալատ, բան մը, որուն հակազդեցին Ժըմայէլ ընտանիքի անդամ երկու երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քրիստոնէական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան բուռն ցոյցեր եւ նկատելի դարձաւ վտանգաւոր լարուած իրավիճակ մը:

«Հըզպալլա»ի այս քայլով կը կարծուի, որ խնդիրը արդէն հանգուցալուծուած է: