image

Հարիրիի կառավարութիւնը ստացաւ վստահութեան քուէն

Հարիրիի կառավարութիւնը ստացաւ վստահութեան քուէն

Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու աւարտին ստացաւ վստահութեան քուէն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երէկուայ եզրափակիչ նիստին ներկայ էին 116 երեսփոխաններ, որոնց 110-ն քուէարկեց ի նպաստ Հարիրիի կառավարութեան:

Վարչապետ Հարիրի իր եզարփակիչ խօսքով հանդէս գալով, նկատել տուաւ, որ իր կառավարութեան համար ամենահիմնականը աշխատանքն է եւ իրենք ամէն ճիգ պիտի գործադրեն բարելաւելու համար երկրի վիճակը:

Հարիրի նաեւ շեշտեց Լիբանանի համար նախատեսուած «Սետըր» տնտեսական համաժողովը կարեւորութիւնը, որու հիմքով ալ եւրոպական երկիրներ, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի, մեծագումար յատկացումներ պիտի տրամադրեն Լիբանանին: