image

Մտահոգ եմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներով. Գանատահայ Զաւէն Պօղոսեան

Մտահոգ եմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներով. Գանատահայ Զաւէն Պօղոսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Գանատա հաստատուած հասարակական գոծիչ՝ Զաւէն Պօղոսեանը:

 

-Ի՞նչ եղաւ ձեր առաջին  արձագանգը, երբ լսեցիք, թէ Հայաստանի մէջ կը խօսուի քայլերգի փոփոխութեան մասին:


Երբ լսեցի, որ Հայաստանի քայլերգի փոփոխութեան հարց քննարկման դրուած է, առաջին տպաւորութիւնս այն էր, որ այս մէկը ունի որոշ ուղղուածութիւն, այնպիսիներու կողմէ, որոնց նպատակն է՝ հայը պարպել իր հայութենէն: Անկասկած օտար ձեռքեր եւ դրամագլուխներ կան այս բոլորին ետին, ներառեալ՝ թաւշեայ «յեղափոխութեան»։


-Յայտնի է արդէն,  որ  դէմ էք՝  Հայաստանի օրհներգը փոփոխութեան ենթարկուի, ինչո՞ւ այդ կարծիքին էք:


Այս քայլերգը կտրած է շատ երկար ժամանակ եւ իր մէջ կը բովանդակէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ հայուն պատմութիւնը: Ինչո՞ւ փոխել: 
Միջանկեալ յիշեմ, թէ այս ամիսներու ընթացքին ինչ որ  տեղի կ'ունենայ Հայաստանի մէջ՝ հալածանք՝ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու, աղանդաւորներու շարժումներ, այլ՝ այլասեռական հոսանքներու երեւում, անտեսում հին ու նոր նահատակներու, հերոսներու... Պատահմո՞ւնք է, իմ կարծիքով ոչ։

-Ըստ ձեզի, այսպիսի առաջարկներ վտանգաւո՞ր են: 


Եթէ իւրաքանչիւր «իշխանութիւն», ինքն իրեն իրաւունք տայ նման «փոփոխութիւններու», քանի մը տարիէն կրնան փոխուիլ մեր քայլերգը, ըսելով, որ արդի չէ, մեր՝ դօշակը (աւելի գունագեղ, թերեւս ծիրանի գօտիին գոյներով), զինանշանը՝ ըսելով, որ յարմար չէ եւ կամ Երկրին անունը, պատրուակելով օրինակ՝ անոր երաժշտական չըլլալը:  

Թող իշխանութիւնը զբաղուի ժողովուրդով եւ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան հարցերով... այս էր նպատակը փոփոխութեան, բայց ինծի կը թուի, թէ  այսօրուան իշխանաւորները  մեր երկիրը  կ'առաջնորդեն պառակտումի ու այլասեռման... Աւարտին  ըսեմ, որ անկեղծօրէն ես  մտահոգ եմ Հայաստանի մէջ  ընթացող  գործընթացներով։

 

(Նիւթին մէջ ներկայացուած տեսակէտները, չեն ներկայացներ «Արեւելք»ի տեսակէտը):