image

Առանց երեսփոխանի կամ նախարարի ալ ՍԴՀԿ-ն կը շարունակէ ազդեցիկ դեր ունենալ Լիբանանի մէջ.Հնչակեան գործիչ

Առանց   երեսփոխանի կամ  նախարարի  ալ ՍԴՀԿ-ն  կը շարունակէ  ազդեցիկ դեր  ունենալ Լիբանանի մէջ.Հնչակեան գործիչ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ ազգային գործիչ, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը:

 

-Գիտենք որ բաւական երկար քաշքշուքներէ վերջ  եւ  ինը ամսուան «պայքար»է ետք Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայիս երկրի քաղաքական իրավիճակը:


Լիբանանի երեսփոխանական  վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին անցեալ տարի մայիսին, իսկ կառավարութիւնը կազմուեցաւ  անցեալ   շաբաթավերջին։ Անցնող 9 ամիսներուն ընթացքին նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի փորձեց կառավարութիւնը կազմել եւ ընդհանուր համախոհութեան մը հասնիլ, սակայն Լիբանանի պարագային,  կառավարութեան կազմութեան   հարցը   կախեալ  չէ  միայն   վարչապետի   որոշումէ, այլ ենթակայ է տարբեր ազդեցութիւններու՝ ըլլա՛ն ատոնք ներքին թէ՛արտաքին ազդեցութիւններ: 

Մինչեւ որ այս ներքին եւ արտաքին ազդեցութիւնները չմեղմանան, կամ ըսենք, տարածաշրջանային մակարդակներով հասկացողութիւններ եւ համաձայնութիւններ տեղի չունենան, անհնար է, որ Լիբանանի մէջ  կառավարութիւն մը «ծնի»։  Իհարկէ  այս 9 ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր արգելքները կամաց-կամաց վերացան եւ վերջապէս ծնաւ այս կառավարութիւնը, որ կոչուեցաւ «Համախոհական կառավարութիւն»։ Նորակազմ  կառավարութեան մաս կը կազմեն խորհրդարանին մէջ գտնուող գլխաւոր բոլոր մեծ ուժերը: Այն կառավարութիւնը, որ չի վայելեր խորհրդարանին    մէջ եղող գլխաւոր մեծ ուժերու համաձայնութիւնը, ընդհանրապէս կ'անդամալուծուի։ Լիբանան չի նմանիր այլ երկիրներու, ուր խորհրդարանին մէջ կը կազմուին մեծամասնական խումբ մը եւ փոքրամասնական խումբեր, մեծամասնական խումբը կը կազմէ կառավարութիւն եւ կ'անցնի աշխատանքի, որովհետեւ  Լիբանան իւրայատուկ է իր համայնքային, կրօնական եւ այլազան բաժանումներով:

 

-Կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ հայութիւնը ունեցաւ երկու նախարար, բան մը, որ աննախընթաց է, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս նշանակումները:


Ըստ լիբանանեան կանոններուն,  կառավարութեան կազմը  կը գոյացուի՝  հիմք ընդունելով     քաղաքական    գլխաւոր   ուժերու համայնքային ներկայացուցչութիւնը։ Այս պարագային, երբ 30 հոգինոց կառավարութիւն մը կը կազմուի, բնականաբար հայ համայնքին կ'իյնայ երկու նախարար: Սակայն այս պարագային տարբերութիւնը այն է, որ երկու հայ նախարարներէն մէկը կը պատկանի Հայ կաթողիկէ համայնքին, որովհետեւ ընդհանրապէս, երբ  երկու հայ նախարար կը նշանակուի կառավարութեան մէջ, երկուքն ալ կը նշանակուին Հայ առաքելական համայնքէն։ Այս անգամուան տարբերութիւնը եղաւ այն, որ մէկ հայ նախարար նշանակուեցաւ՝ առաքելական, իսկ երկրորդը նշանակուեցաւ կաթողիկէ համայնքէն: 

 

-Երկրորդ նախարարի պարագային, ինչքանո՞վ ան կը ներկայացնէ հայկական ճակատի շահերը, տրուած ըլլալով, որ վերջին տարիներու փորձառութենէն ելլելով, հասկցած ենք, որ լիբանանահայութիւնը պետական մակարդակով կը ներկայացուի երկու թեւերով։ Այլ խօսքով, այն թեւը, որ մօտ է վարչապետ Հարիրիին եւ այն թեւը, որ կը գործակցի «8 Մարտ»ի քաղաքական ուժերուն հետ: Այս առումով, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ռիչարտ Գույումճեանի նախարար դառնալը:


Ինչպէս 30 հոգինոց կառավարութեան պարագային երկու  հայ նախարարներ կ'ըլլային, մէկ հայ նախարարը, կ'ըլլար աւելի «8 Մարտ»  քաղաքական  ուժերուն  «աւելի մօտ» անձնաւորութիւն մը, իսկ երկրորդը, «աւելի մօտ կ'ըլլար» Հարիրիի գլխաւորած խմբաւորումին։ Սակայն այս անգամուան ընտրութիւնները աւարտեցան այնպէս, որ Հարիրի իր երեսփոխանական խմբակցութեան մէջ չունեցաւ հայ երեսփոխան։ Փաստօրէն Հարիրին հայ նախարար մը նշանակելու կամ իր կողմէն թեկնածու մը   առաջարկելու իրաւունքը կորսնցուցած էր:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռիչարտ Գույումճեանին, որ Հայ կաթողիկէ համայնքի  անդամ է  եւ նշանակուեցաւ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան կողմէ, ան  նախարար  նշանակուեցաւ որովհետեւ   ինչպէս նշեցի  վարչապետ Հարիրի   ի վիճակի չէր   հայ թեկնածու մը  նշանակելու։  Կարեւոր   էր նաեւ, որ Գույումճեան   հայ  կաթողիկէ  համայնքի անդամ է եւ այդ մէկը   դարձաւ  յաւելեալ  պատճառ, որ ան   հանդիսանայ «Լիբանանեան  ուժեր»ու    կողմէ առաջադրուած  երկրորդ   հայ նախարարը։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի  Գույումճեանի նախարար նշանակուելու վերաբերեալ ՍԴՀԿ-ի    տեսակէտին, ապա ըսեմ, որ Գույումճեան Լիբանանի կառավարութեան անդամ է եւ անկախ իր պատկանելիութենէն, մեզի  համար  աւելի    կարեւորը  անոր   գործունէութիւնն է։ Թէ ինչքանով արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ իր գործունէութիւնը,  այդ է  կարեւորը,  որովհետեւ,  ան կը ներկայացնէ հայ համայնքը եւ ըստ  իր  կատարած  յայտարարութեան, ան  խոստացած է, լաւագոյնս ներկայացնել  լիբանանահայ համայնքը։

 

-Այսօր Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ արդեօ՞ք գոյութիւն ունին  «8 Մարտ» եւ «14 Մարտ» հասկացողութիւնները:  


Լիբանանի մէջ այսօր   գոյութիւն չունին «8 Մարտ» եւ «14 Մարտ» հասկացութիւնները։ Սակայն կան քաղաքական հոսանքներ եւ կան քաղաքական ուղղութիւններ,  որոնցմէ մէկը կողմնակից է իրանեան ազդեցութեան, իսկ միւս քաղաքական ուղղուածութիւնը դէմ է իրանեան ազդեցութեան։ Երբ իրանեան ազդեցութիւն կ'ըսենք, այդ  կը նշանակէ Լիբանանի մէջ գործող «Հըզպալլա»ն, որ միաժամանակ կը կոչուի «Իսլամական դիմադրութիւն» եւ զինեալ կազմաւորում է։ Իսկ միւս ուժերը, որ դէմ են այս վիճակին եւ չեն կրնար ընդունիլ, որ պետութեան մէջ երկրորդ պետութիւն մը ստեղծուի եւ կը պաշտպանեն օրինական զէնքի միասնականութեան գաղափարը, ապա  այդ միտքին շուրջ համախմբուած  ուժերը կը գտնուին նախկին «14 Մարտ»ի քաղաքական ուժերու  ընդհանուր պարունակին մէջ։

 

-Հայկական օրակարգին վրայ, Ձեր կարծիքով այսօր միասնականութիւն մը կա՞յ:  Յառաջիկայ փուլին կը կարծէ՞ք, որ պիտի համագործակցիք նոր նախարարին հետ, որ կը ներկայացնէ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը:


Ներքին համայնքային միասնականութեան մասին երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ: Ճիշդ է, որ այսօրուայ դրութեամբ միայն ՀՅԴ-ն է, որ երեսփոխաններ ունի խորհրդարանին մէջ, իսկ միւս երկու՝ ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ կուսակցութիւնները երեսփոխաններ չունին, սակայն այսուամենայնիւ, գաղութի ներքին միասնականութիւնը եւ ամրութիւնը կը գտնուի այս երեք կուսակցութիւններուն հսկողութեան տակ: Այսինքն, հակառակ անոր, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ  զինք ներկայացնող երեսփոխան չունի, սակայն այդ չի նշանակեր, որ ՍԴՀԿ-ն գաղութային միսնականութեան մէջ կորսնցուցած է իր դերը։

Ինչ կը վերաբերի  նորանշանակ  նախարարին  հետ գործակցելու խնդրին, ապա  փաստ է,  որ  այդ անձնաւորութիւնը, որ յարգելի անձնաւորութիւն է,   կը ներկայացնէ  Լիբանանի   քրիստոնէական թեւին կարեւոր մէկ  բաղկացուցիչ համարուող «Լիբանանեան ուժեր»   կուսակցութիւնը, հետեւաբար   շատ  բնական է, որ հայկական  աւանդական  կուսակցութիւնները անոր հետ  գործակցելու բոլոր հիմքերն ունենան։  Վերջ ի վերջոյ, ան միայն իր կուսակցութեան համար նախարար չնշանակուեցաւ, այլ ամբողջ լիբանանցիներուն համար, եւ հայերն ալ, որպէս Լիբանանի քաղաքացիներ  բնականաբար  պիտի օգտուին այդ նախարարի գործունէութեան արդիւնքներէն: