image

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընթացող գործընթացները Հալէպին վտանգ չեն սպառնար. Անդրանիկ Պօղոս

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընթացող գործընթացները Հալէպին վտանգ չեն սպառնար. Անդրանիկ Պօղոս

Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն հեռանալու մասին կատարուած  յայտարարութիւններէն ետք միջազգային  լրահոսին մէջ  կարեւոր տեղ  սկսաւ  գրաւել  Սուրիա- Թուրքիա սահմանին մերձ գտնուող հատուածներուն  ընդհանուր իրավիճակը։

Նոյն առումով բաւական ուշագրաւ վերլուծումներու արժանի սկսաւ  դառնալ   Թուրքիոյ կատարած քայլերը եւ յատկապէս  թրքական բանակին  տիրապետութեան   տակ անցած այդ շրջաններուն մէջ ընթացող զարգացումները։

Յիշեցնենք, որ տարի մը առաջ այս օրերուն թրքական բանակը մուտք գործած  էր Աֆրին եւ ռազմական միջոցներ կիրառելէ բացի, անցած էր այդ շրջանները թրքացնելու միտումնաւոր եւ դատապարտելի քայլերու։

Աֆրինի գրաւումէն ճիշդ տարի մը ետք «Արեւելք» դիմեց հալէպահայ գործիչ ՝ Անդրանիկ Պօղոսին, վերջինէս  ստանալու համար կարեւոր մեկանաբանութիւններ, կապուած այդ  շրջաններուն մէջ  տիրող ընդհանուր իրադրութեան, ինչպէս նաեւ    այդ շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով Հալէպի վրայ     գործուելիք հաւանական   ազդեցութեան  վերաբերեալ։


-Ներկայիս Սուրիոյ  տարբեր  քաղաքներ՝ Ճարապլուս, Ալ-Պապ, Մընպէճ եւ Աֆրին,  կը գտնուին թրքական զօրքերու տիրապետութեան տակ։ Այդ տեղի   վարժարաններուն  մէջ  դրուած են Էրտողանին նկարները եւ շրջանառութեան մէջ   թրքական լիրան է։ Այս երեւոյթներն  անշուշտ  կը   յուշեն,  որ այդ շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ  իշխանութիւնները կը փորձեն համահարթեցման  եւ թրքացման    քաղաքականութիւն մը իրականացնել։ Ձեզի համար այս երեւոյթը որոշ մտահոգութի՞ւն մը կ'առթէ:


Երեւելի է, որ Թուրքիան կը փորձէ հիւսիսային շրջանը թրքացնել։ Անգարայի ցանկութիւնն է, որ այդ շրջաններուն մէջ բնակեցնէ Թուրքիոյ համակիր խումբեր, այսինքն՝ թուրքմեններ:Անգարայի գլխաւոր մտահոգութիւնը այդ շրջանները քիւրտերէն դատարկելն է:Յստակ է նաեւ, որ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ տարակարծութեան  գլխաւոր   պատճառը  այդ  շրջաններուն մէջ   ապրող  քիւրտերն են։ Այս խնդիրներուն  վերաբերեալ շատ կարեւոր է    լսել   Սուրիոյ պաշտօնական  մարմիններուն   տեսակէտները։ Օրինակ  Սուրիոյ Արտաքին  Գործոց  նախարար  Ուալիտ Մուալլէմ այս  թեմային կապակցութեամբ Մոսկուայի մէջ  կարեւոր յայտարարութիւն մը   ըրաւ,  ըսելով թէ  կառավարութիւնը պատրաստ է  քիւրտերու հետ բանակցութիւններ կատարելու, եւ թող յստակ ըլլայ, որ բաժանում չկայ: Հետեւաբար ես կը կարծեմ, որ այդ առումով մտահոգիչ բան չկայ եւ Հալէպին  ալ ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:

 

-Մնալով այս ծիրին մէջ կարելի է ըսե՞լ,  որ Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւնները օր մը կրկին կրնան վերակենդանանալ։ 


Այսօրուան պայմաններով ոչ, կարելի չէ Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւները վերականգնել: Էրտողանի  եւ  իր խմբակին հետ անկարելի է նման քայլի դիմել, նոյնն է պարագան նաեւ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ։ Անշուշտ մենք տուեալ երկիրներու  ժողովուրդներուն հետ հարց մը չունինք, այլ իշխանութիւններուն: