image

ՍԴՀԿ-ի շնորհաւորական ուղերձը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

ՍԴՀԿ-ի շնորհաւորական ուղերձը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Նորընտիր Վարչապետ՝
Նիկոլ Փաշինեանին,

 

Մեծարգոյ Պրն. Վարչապետ,

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան և համայն Հնչակեան ընտանիքին անունով կը շնորհաւորենք Ձեզ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի բարձր ու պատասխանատու պաշտօնին վերընտրուելու առիթով։

Համաժողովրդական շարժման յաղթանակը և վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ձեր ղեկավարած «Իմ Քայլը» դաշինքին ցուցաբերած տպաւորիչ արդիւնքները կը վկայեն այն մասին, որ Հայաստանի քաղաքացին Ձեզ կը վստահի՝ դէպի աւելի ժողովրդավար, տնտեսապէս հզօր ու սոցիալապէս արդար երկիր մը կառուցելու կարեւորագոյն առաքելութիւնը:

Այդ վստահութեան բարձր քուէն անշուշտ իր հետ կը բերէ մեծ ակնկալութիւններ, ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, այլ համայն հայութեան համար, մանաւանդ ի տես հայրենիքի առջև ծառացած բազում ներքին և արտաքին խնդիրներուն և մարտահրաւէրներուն:

Լիայոյս ենք, որ պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ պիտի շարունակէք անշեղօրէն գործադրել Ձեր նախանշած արմատական բարեփոխումները երկրի կառավարման տարբեր ոլորտներուն մէջ, որպէսզի աւելի ամուր հիմքերու վրայ դրուին օրէնքի գերակայութիւնը, արդարութիւնը և քաղաքացիական հասարակութեան լիարժէք մասնակցութիւնը քաղաքական գործընթացքներուն՝ բացառելով վերադարձը նախկին անընդունելի իրավիճակին:

Կրկին կը շնորհաւորենք Ձեզ և մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք հետագայ համագործակցութեան, ի փառս մայր հայրենիքի և հայ ժողովուրդի։

 

Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութիւն
Յունուար 15, 2019