image

Պէյրութի Արաբական գերաստիճանը տեղի պիտի ունենայ ոչ քաջալերական մթնոլորտի մը մէջ

Պէյրութի Արաբական գերաստիճանը տեղի պիտի ունենայ ոչ քաջալերական մթնոլորտի մը մէջ

Պէյրութի Արաբական տնտեսական համաժողովը, որ ընթացք պիտի առնէ, պիտի կայացուի ոչ գոհացուցիչ մթնոլորտի մը մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդող լիբանանեան աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ գերաստիճանի պատրաստութեան օրերուն իրենց համաձայնութիւնը տուած տասնեակ արաբ ղեկավարներ վերջին օրերուն հրաժարած են ներկայ գտնուիլ այս գագաթնաժողովին:

Կարգ մը աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ արաբ ղեկավարներու բացակայութիւնը կը վերագրուի պէյրութեան կարգ մը կողմերու Լիպիոյ դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն հետ:

Անոնք նաեւ կը յիշեցնեն, որ յատկապէս Պէյրութի օդակայանը փակելու եւ այլ բողոքի գործողութիւններ կատարելու շիիթ շրջանակներէն լսելի դարձած կոչերը ժխտական արձագանգ ունեցած են արաբ ղեկավարներու մեծամասնութեան վրայ:

Ըստ վերջին տուեալներուն, այս ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մորիթանիոյ եւ Սոմալիի արաբ ղեկավարները:

Նշենք, որ բաւական բուռն վէճ ծագած էր շիիթ ղեկավար, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ Լիպիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ: Խնդիրը զարգացած էր յատկապէս, երբ Պըրրի բաց պատգամ մը յղած էր լիպիացի ղեկավարութեան, նշելով, որ իրենք պիտի չհանդուրժեն այս ժողովին որեւէ լիպիացի ներկայացուցիչի մը մասնակցութիւնը, այնքան ժամանակ, որ իրենց առաջնորդին՝ Սայիտ Մուսա Ալ-Սատըրին ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անորոշ:

Յիշեցնենք, որ լիբանանցի յայտնի կրօնական գործիչ Իմամ Մուսա Ալ-Սատըր, որ 1978-ին մեկնած էր Լիպիա, առեւանգուած էր եւ ցայսօր անոր ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ: