image

Ցաւ կ՚ապրիմ, որ Հալէպը կը շարունակէ հայաթափուիլ. Հալէպահայ յայտնի դերձակ Ազատ Նալպանտեան

Ցաւ կ՚ապրիմ, որ Հալէպը կը շարունակէ հայաթափուիլ. Հալէպահայ յայտնի դերձակ Ազատ Նալպանտեան

«Արեւելք»ի հարցազրոյցը՝ Հալէպէն։ Մեր հարցերուն կը պատասխան վաստակաւոր դերձակ Ազատ Նալպանտեանը։ 

 

-Քանի մը փոքր տեղեկութիւն ձեր մասին կարելի՞է :

Ես Ազատ Գառնիկի Նալպանտեանն եմ: Ծնած եմ Հալէպ, 1936-ին, բալուցի ընտանիքի մէջ: Մասնագիտութեամբ արանց եւ կանանց դերձակ եմ: Հալէպի կեդրոնը աշխատանոց ունեցած ենք ես եւ եղբայրս Յակոբը եւ  60 տարի անընդմէջ զբաղած ենք մեր սիրելի մասնագիտութեամբ: Այժմ չեմ աշխատիր, որովհետեւ ձեռքերս շատ  դժուար կը շարժին,  բան մը, որ  կը խանգարէ գործս շիտակ կատարելուս:

 

- Ձեր օրերու անցեալի եւ այսօրուան դերձակութեան արհեստին միջեւ ինչպիսի՞ տարբերութիւններ կան:

Առաջ մարդիկ աւելի բծախնդիր էին իրենց հագուստին կեցուածքին, գոյներուն, կօշիկին եւ ընդհանրապէս ճաշակին հետ կապուած: Մենք մեր պատրաստած հագուստը մինչեւ տիրոջը յանձնէինք,  երեք անգամ այն կը փորձէինք պատուիրատուին վրայ եւ բոլոր սխալ կէտերը կը վերացնէինք, յաճախորդին հագուստը կը յանձնէինք ճիշդ իր ուզած ձեւով:

Այժմ ճաշակի հարցն ալ փոխուած է: Նոր սերունդը այլանդակ բաներ կը հագուի, աններդաշնակ, անճաշակ: Աղջիկները իրենց կանացիութեան համապատասխանող գեղեցիկ հագուստներ հազուադէպ կ'օգտագործեն: Մեծ ընկերութիւններ իրենց ճաշակը կը պարտադրեն ժողովուրդին, եւ կարծես հագուստի աշխարհի մէջ ալ տեսակ մը համաշխարհայնացում եղած է: Իմ համոզմամբ սակայն, հագուստը իւրաքանչիւր ազգի այցետոմսերէն մէկը պէտք է ըլլայ:

 

-Հալէպը ունեցած է շատ նշանաւոր հայ վարպետ դերձակներ, անոնց մասին կրնա՞ք պատմել մեր ընթերցողներուն:

Այո, դուք ճիշդ էք, Հալէպը ունեցած է բազմաթիւ որակեալ եւ տաղանդաւոր վարպետ դերձակներ: Մեր գերդաստանը՝ Նալպանտեան, տուած է նշանաւոր վարպետներ: Հալէպի նշանաւոր վարպետներէն կրնամ նշել Գաբրիէլեան Կարօն, Արամ Ճապաղջուրեանը, Յովհաննէս Պէշէզեանը, որ վկայուած էր Պէլճիքայէն, մեծ վարպետ եղած է նաեւ լուսահոգի Պետրոս Այվազեանը, որ եկած էր Ուրֆայէն:

Նշեմ նաեւ, որ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատը ունէր յատուկ դերձակ, որ հայ էր, մեր ընկերը Գէորգ Պայթարեանն էր, որ յաճախ կը ճամբորդէր Դամասկոս եւ մեր նախագահը միայն պարոն Գէորգին կարածը կը հագուէր եւ միշտ կը վստահէր անոր նուրբ ճաշակին:

Մենք Հալէպի լաւագոյն խաւին կարած ենք ՝ դեսպաններու, մեծ վաճառականներու, պետական այրերու, մարզիկներու եւ ընդհանուր ժողովուրդին: Մեր հաւատարիմ յաճախորդներն էին Հալէպի ամենահին եւ արաբ ազնուական ընտանիքները, որոնք կոյր վստահութիւն ունէին մեր գործին եւ ճաշակին նկատմամբ:

Մեր աշխատանոցի մասին նոյնիսկ Թորոս Թորանեանը իր գիրքերէն մէկուն մէջ պատմած է եւ յուշեր գրած է մեր աշխատանոցը կատարած յաճախակի այցելութիւններուն մասին:

 

-Պատերազմի շրջանին մնացիք Հալէպ, ինչ կը  պատմէք այդ մասին։ 

Պատերազմը շատ սարսափելի էր, յատկապէս Նոր Գիւղի մէջ, մեր տան վրայ երկու անգամ հրթիռ ինկաւ եւ ես  հրաշքով մահէն փրկուեցայ։ Եղբօրս տունը լրիւ քանդուած է, հիմա այնտեղ ոչ ոք կայ, բոլորը Ամերիկա գաղթեցին: Իրիկունները ես յաճախ մեր սեփական շէնքի մառանին մէջ կը քնանայի, որ ապահով վայրի վերածուած էր մեզի համար: Վտանգն ամէնուր էր, եւ այսպէս մենք անցանք դժոխքի միջով: Հիմա փառք Աստուծոյ բաւական լաւ վիճակ է Հալէպի մէջ:

 

-Ձեր վերջին սրտի խօսքը ի՞նչ կ'ուզէք ըսել:

Ես դժգոհութիւն չեմ յայտներ մեր բոլոր տեսածներուն  եւ ապրածներուն համար: Արաբ ժողովուրդը մեզի եղբայր ժողովուրդ է, մենք պատերազմի տակ մեր մէկ կտրոր հացը միասին կիսեցինք, միասին ուրախացանք, միասին լացինք, անոնք մեզ երբեք խորթ աչքով չնայեցան: Իսկ ահաբեկիչները, անոնք վարձկան մարդիկ են եւ արաբ ազնիւ ժողովուրդը չեն կրնար ներկայացնել:

Ցաւ կը զգամ, որ Հալէպը հայերէ դատարկուեցաւ եւ կը շարունակէ դատարկուիլ: Ես կը հաւատամ Սուրիոյ փայլուն ապագային: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նոր դասաւորումները մեզ կը խանդավառէ եւ աւելի մեծ յոյսերով մեզ կը կ'ապէ մեր դարաւոր հայրենիքի ակունքներուն: