image

Մարոնի երեսփոխաններու հաւաք Պքէրքէի մէջ

Մարոնի երեսփոխաններու հաւաք Պքէրքէի մէջ

Լիբանանի մարոնիներու Ռաայի Կարտինալի կոչին ընդառաջելով, այսօր խորհրդարանի բոլոր մարոնի երեսփոխանները պիտի մէկտեղուին Պքէրքէի երդիկին տակ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ RLL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս ժողովին պիտի քննարկուի երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ սպասուած զարգացումները:

Յիշեցնենք, որ ժողովին ներկայ պիտի ըլլան քրիստոնեայ երկու գլխաւոր առաջնորդեր, Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ (Ազգային Ազատ հոսանք) եւ «Ալ-Մարատա» հոսանքի առաջնորդ Սլէյման Ֆրէնժիէ, մինչ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժա մերժած է ներկայ ըլլալ այս ժողովին:

Յիշեցնենք, որ ժողովականները պիտի քննարկեն յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հարցը եւ այդ տագնապին վերաբերող վերջին զարգացումները:

Աւարտին, յայտնենք, որ մէկէ աւելի առիթներով, Լիբանանի Պատրիարք Մար Պշարա Պըթրոս Ռաայի տարբեր առիթներով այս թեմային մասին խօսելով, կոչ ըրած է ըստեղծել թեքնոքրաթ-մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը տարբեր տեսակի ընկերային եւ տնտեսական տագնապներէն դուրս բերել: