image

Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն համար գերագոյն հարցը աշխատանքի հարցն է France 24-ըի անդրադարձը (Տեսանիւթ)

Հայաստան   հաստատուած սուրիահայերուն  համար   գերագոյն  հարցը  աշխատանքի  հարցն է France 24-ըի անդրադարձը (Տեսանիւթ)

Ֆրանսական France 24 ալիքը անդրադարձած է սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով պատմական հայրենիք տեղափոխուած սուրիահայերուն ու Հայաստանի մէջ անոնց ունեցած խնդիրներուն:


Ինչպէս յայտնի է՝ Հայաստանը այս տարիներուն ընդունած է շուրջ 20.000 սուրիացի, որոնց մեծ մասը հայկական ծագում ունին: Չնայած ձեռնարկուած շարք մը քայլերուն՝ անոնք կը շարունակեն դիմագրաւել բազմաթիւ խնդիրներ, որոնցմէ հիմնականը լեզուական խոչընդոտն ու գործազրկութեան բարձր մակարդակն են:

Լրագրողի հետ զրոյցի ընթացքին սուրիահայերը նաեւ պատմած են բուժօգնութեան հասանելիութեան հետ կապուած խնդիրի մասին:

Մեծ դժուարութիւններ կը ստեղծէ նաեւ հոգեբանական ցնցումները, որ պայմանաւորուած է հարազատ տուները լքելու փաստով ու ապագայի անորոշութեամբ:

 Մեծ հեղինակութիւն  ունեցող  կայանը նաեւ անդրադարձած է սուրիահայերու օգնող բազմաթիւ բարեգործական հիմնադրամներուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնք միտում ունին Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու կեանքի պայմանները բարելաւելու:

 

Մնացածը`  տեսանիւթին մէջ։