image

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան պիտի այցելէ ԱՄԷ-ի Ազգային Առաջնորդարան

ՀՀ  նախագահ  Արմէն Սարգսեան պիտի այցելէ  ԱՄԷ-ի Ազգային Առաջնորդարան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան  յառաջիկայ  օրերուն   պիտի գտնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։  Նախագահը   այդ  առթիւ պիտի այցելէ  ԱՄԷ-ի  Ազգային Առաջնորդարան։  Այդ  մասին տեղեկութիւնը տուած է    ԱՄԷ-ի  Ազգային Առաջնորդարանը  (Կեդրոնը` Ապու Տապի)։

Ստորեւ կը ներկայացնենք   այդ մասին   Առաջնորդարանի   դիւանին   կողմէ  հրապարակուած   հաղորդագրութիւնը։

 

 

Մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝

Ն. Գ. ՊՐՆ. ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

 

ԱՄԷ պետութեան պաշտօնական հրաւէրով պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ապու Տապի քաղաքը, այս առիթէն օգտուելով Պրն. Նախագահը պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը:

 

Կոչ կ'ուղղենք մեր թեմի ժողովուրդին որ խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուին Հինգշաբթի 17 Յունուար 2019, երեկոյեան ժամը 17:00-ին Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան դիմաւորելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Պրն. Նախագահը:

 

Յայտագիր՝

Ծաղկեփունջի զետեղում խաչքար յուշարձանի դիմաց:

Մոմավառութիւն Ս. Նահատակաց եկեղեցիէն ներս:

Ժողովրդային հանդիպում Սուրէն Գոժագեան սրահէն ներս:

 

Դիւան  Ազգային Առաջնորդարանի