image
Հրատապ լուրեր:

«Ժամանակը հասած է,որ Սուրիոյ վերեւ կուտակուած սեւ ամպերը հեռանան...». Հալէպահայ գործիչ

«Ժամանակը հասած է,որ Սուրիոյ վերեւ կուտակուած սեւ ամպերը հեռանան...». Հալէպահայ  գործիչ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ դեղագործ՝ Վահէ Սարգիսեան

 

 

-Ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ, ի՞նչ կրնաս պատմել մեր ընթերցողներուն վերջին շրջանին քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակին մասին:


Հալէպը, ինչպէս գիտէք, ի տարբերութիւն Սուրիոյ այլ քաղաքներու, շատ դաժան, անողոք եւ աննախադէպ իրավիճակներու առջեւ յայտնուեցաւ: Նոյնիսկ մենք չէինք պատկերացներ, որ Հալէպը այսքան դառնութիւն կրէր, բայց, փառք Աստուծոյ, վերջին մէկ-երկու տարիներուն ընթացքին նոյնինքն Հալէպը կտրականապէս դրական փոփոխութիւններ արձանագրած է տարբեր մարզերու մէջ, նոյնիսկ զարմանք առաջացնելու չափ:

Եթէ համեմատութիւն ուզենք ընել անցեալի եւ ներկայի միջեւ, ապա յստակօրէն կը տեսնենք, առաջին հերթին բոլոր ճամբաները, որոնք փակուած էին, այսօր այդ տեղերէն ազատօրէն մենք կ'երթեւեկենք, նոյնիսկ հանրակառքերը գործունէութեան անցած են, քաղաքին մէջ եղած ամէն տեսակի անցարգելներ արդէն վերացած են, ջուրի տագնապ հասկացողութիւն արդէն գոյութիւն չունի կտրականապէս, հոսանքի հարցը տակաւին կը տարուբերի լաւ ու վատի միջեւ , վերջնականապէս աւարտական իր լուծումին չէ հասած, բայց անոր «ամփեր» հասկացողութիւնը կը փոխարինէ տակաւին, հոսանքի անջատման ժամերը լրացնելու նպատակով: Փլատակ թաղամասերը վերականգնման եւ վերակառուցման գործընթացի մէջ են: Ընկերային, մշակութային եւ ազգային գործունէութիւնները արդէն վերակենդանացած են, եւ այլ շատ մարզեր, որոնց յառաջընթացը շատ մեծ յոյս կը ներշնչէ:

 

-Դուք մասնագիտութեամբ դեղագործ էք, կ'ուզենք անգամ մը վերյիշէք՝ պատերազմական շրջանին ի՞նչ դժուարութիւններէ անցաւ այս ոլորտը, ի՞նչ խնդիրներու հանդիպեցաք եւ ինչպէ՞ս կրցաք ապահովել ձեր հիւանդներուն պէտքերը:


Պատերազմ չէի կրնար անուանել այս պատահած իրադարձութիւնները, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, երկիրներու  բանակներու միջեւ եղած մարտական ընդհարումները պատերազմ կ'անուանենք, իսկ այս պատահածը պարզապէս նենգամիտ երկիրներու ծրագրած անմարդկային խուժանութիւն է: Վերջինս շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ մեր մարզին վրայ: Առաջին հիմնական հարցերէն մէկը՝ շատ մը դեղորայքի բացակայութիւնն է, կապուած դեղահումքի հայթայթման հետ: Այս դժուարութիւնը յառաջացած է նենգամիտ երկիրներու Սուրիոյ վրայ բանեցուցած շրջափակման պատճառաւ: Իսկ երկրորդ հիմնական մէկ կէտը՝ առկայ դեղորայքի առաքման դժուարութիւնն էր Հալէպ, որովհետեւ Հալէպը ահաբեկչական խմբակներով շրջափակուած էր, որոնք արգելք կը հանդիսանային դեղորայքի Հալէպ մուտք  գործելուն: Որոշ ժամանակ շատ մեծ գումարներ կը պահանջէին, թոյլատրելու համար ինչ որ դեղորայքի բաժին մը Հալէպ հասցընել: Այս պատճառներով կրնամ ըսել, որ բաւական դեղորայքի տագնապ ապրեցանք, նոյնիսկ բժիշկներ իրենց նշանակելիք ախտաճանաչման համապատասխանող դեղորայքի բացակայութեան պատճառով, ստիպուած կ'ըլլային, որպէս այլընտրանք, ոչ այնքան նպատակայարմար, այլ դեղեր նշանակել, հիւանդին կացութիւնը մեղմացնելու համար:

Այդ օրերուն դեղորայք ձեռք ձգելու համար շատ մեծ դժուարութեան առջեւ կը գտնուէինք: Դժուարութիւնը կը կայանար այն բանին մէջ, առաջին՝ որ մենք ինքներս, որպէս դեղագործ, մեր անձնական միջոցներով կը փորձէինք հասնիլ դեղորայքի վաճառման կեդրոններ, այն ինչ, բարօրութեան օրերուն, իրենք կ'առաքէին դեղերը. ի դէպ, յիշեմ, այս կեդրոնները ցիրուցան են Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ, հետեւաբար կրնաք պատկերացնել, թէ ինչքան ժամանակ պիտի խլէր մեզմէ, հասնելու այս բոլորին, նկատի ունենալով հրասանդերուն եւ ռումբերուն տեղատարափի վտանգը, որ կը սպառնար մեր կեանքերուն, երկրորդ՝ այս կեդրոններուն կը ներկայացնէինք մեր դեղորայքի պահանջարկը եւ հիասթաբութեամբ կը ստանայինք պարզապէս շատ աննշան բաժին մը, որ չի գերազանցեր մեր պահանջարկի 20 տոկոտսը: Պատկերացուցէք, ամենօրեայ դարձած այս առաքելութեան համար ստիպուած կ'ըլլայինք շատ օրեր այլ մարդոց գումար տրամադրել, որ պարզապէս յաւելեալ փոքրիկ բաժին մը դեղ եւս ստանանք, որպէսզի կարողանանք մեզ դիմող մարդոց դեղով սպասարկել:

Յիշեցնեմ, որ ինչ գնով որ դեղ գնես, միեւնոյնն է, կառավարութեան սահմանած գինով պիտի վաճառես:

 

-Տեղեակ ենք, որ դուք պատերազմի ողջ ընթացքին Հալէպէն չհեռացաք եւ մնացիք Հալէպի մէջ, ի՞նչ է պատճառը, որ հակառակ ամբողջ դժուարութիւններուն, վճռած էիք մնալ Հալէպի մէջ:


Ճիշդ է, որ առհասարակ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպին  պատահածը, այս դաժան իրականութիւնը մարդկայնօրէն ապրիլ, անհանր է, եւ այդ պատճառով իսկ շատ շատեր հեռացան իրենց օրրաններէն, այնուամենայնիւ, նախընտրելի էր մնալ այստեղ, հիմք ունենալով ընտանեկան, աւանդական ձեռքբերումները, կառչած մնալով ընտանեկան սրբութեան եւ միասնականութեան, որ մեր ծնողներէն մեզի հասած ժառանգութիւն մըն է, այն ինչ, շատ մը մարդկանց համար կրնայ անհեթեթութիւն սեպուիլ: Կ'ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել այն ապրուած իրականութիւնը, որ՝ հակառակ որ տարբեր տուներու մէջ կը բնակէինք, մօտ ըլլալով իրար անշուշտ, բայցեւայնպէս այդ օրերուն կը նախընտրէինք մէկտեղուիլ պապենական տան մէջ, միասին ուտել, խմել եւ զրուցել, թէկուզ հոսանքի չգոյութեան պայմաններու մէջ, հաշուի անգամ չառնելով դուրսի  ահազդու ՚ձայները, իսկ երկրորդ դրդապատճառը այն համոզումն էր, որ այստեղ ծնուած ու մեծցած եմ, այս սուրբ հողը, ուրտեղ Աստուածորդու ոտնահետքերը ու թափած արիւնը կայ, մեզ միշտ փայփայած է եւ իր օրհնութիւններով ու բարիքներով ողողած է, այս բոլորը ակնթարթի մը մէջ լքել ու հեռանալ, անընդունելի իրավիճակ մըն էր, յարգանքս այն բոլորին, ովքեր արդարացի պատճառներով, ստիպուած եղան լքել իրենց երկիրը:

Նաեւ այն գաղափարը, որ այստեղ մենք լայնօրէն կը վայելենք քաղաքացիական ամէն տեսակի իրաւունքներ, հաւասարաբար բոլորին հետ, այնինչ այլ երկրի մէջ, որտեղ մեկնելիք ըլլայինք, պիտի չկարենայինք վայելել այս իրաւունքները, ինչը  երբեմնի կը գովերգէ Եւրոպան եւ կամ այլ երկիրներ: Ուստի ինքս եւ ինծի պէս շատ շատեր, որպէս ուսեալ խաւի պատկանող դեղագործ, պիտի չկարողանայինք հաւանաբար, ինչպէս բոլոր գացողներուն մեծամասնութիւնը,  մեր վկայականի թոյլատրած մասնագիտութեամբ աշխատանք գտնել, որտեղ ինքս կը դառնայի տէրն ու տիրականը եւ գործի ղեկավարը: Զէրոյէն՝ սկիզբ, նոր, օտար միջավայր, անծանօթ եւ հայու հոգիէն հեռու ընկերակցութիւն եւ այլ  շատ բաներ: Այս վերոյիշեալները, թէկուզ ժամանակաւոր, ինձ կը յիշեցնեն ու մէջս կ'արծարծեն ստրկութեան զգացումներ, որ մարդկայնօրէն դժուար թէ ընդունելութիւն գտնէր իմ մէջս:

 

-Առողջապահական ոլորտէն ներս  ի՞նչ խնդիրներ կան այսօր Հալէպի  մէջ, ի՞նչ կը պակսի Հալէպին, ի՞նչ են գլխաւոր պէտքերը:


Ճիշդ է, որ առողջապահութեան ոլորտը շատ դժուարութիւն կրեց անցեալ տարիներու ընթացքին, ըլլայ այդ դեղորայքի պակաս, հիւանդանոցներու թալան, իր ամբողջ բժշկական գործիքներով, բժշկական կեդրոններու թալան ու քանդում եւ շատ-շատ բաներ: Այս բոլորը շատ ծանր բեռ մը դրած էին առողջապահութեան ոլորտին վրայ, հաշուի առնելով նաեւ՝ երկիրներու բանեցուցած շրջափակումին որպէս արդիւնք առաջացած տնտեսական վատ վիճակի անդրադարձը այս մարզին վրայ, որ, ըստ զիս, ստիպուած կ'ըլլային սկիզբը առաջնահերթ հարցերը բարելաւել, իսկ երկրորդական եւ երրորդական հարցերը, որոնք նուազ կարեւոր չէին դասուէր, յետաձգել մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն:

 

-Արդեօք ինչքանո՞վ պակսած է Հալէպի մէջ հայ բժիշկներու թիւը, ի՞նչ է անոնց ընդհանուր իրավիճակը: Այս առումով տեղեկութիւններ կա՞յ՝ անոնք որոնք հեռացան, կը վերադառնա՞ն:


Իսկ ինչ կը վերաբերի բժշկական կազմին, ըլլայ այդ դեղագործ եւ կամ բժիշկներ, ապա կը խորհիմ բաւական թիւ ներկայութիւն ունինք, բայց սակաւաթիւ եղողը հմուտ մասնագէտ բժիշկներու ներկայութիւնն է: Այն ինչ, բաւական մեծ թիւով մասնագէտներ այս իրադարձութիւններուն առաջին իսկ օրէն հեռացան երկրէն: Արդեօք կը վերադառնա՛ն, թէ ոչ, դժուար է ենթադրութիւններ յօրինել այս հարցի կապակցութեամբ, բայց ըստ իմ կարծիքին, այն մասնագէտ բժիշկը, որ մաքրած է այստեղ իր անձնական հաշիւները ու այլ երկրի մէջ ինչ որ ձեւով ընդունելութիւն գտած է, դժուար թէ ցանկութիւն յայտնէ ետ վերադառնալու:

 

-Լաւատե՞ս էք Հալէպի ապագայի առումով, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին մեր ընթերցողներուն:

 

Անձամբ միշտ լաւատես եղած եմ շատ հարցերու շուրջ, նոյնիսկ այս տագնապի ամբողջ երկարութեան ընթացքին, միշտ իրատեսութեամբ եւ դրական մօտեցումով արտայայտութիւններ կ'ունենայինք մեր զրոյցներուն մէջ, այն ինչ, շատ մը մարդկանց համար խորթ կը թուէր այս մէկը: Ժամանակը արդէն ցոյց կու տայ, երբ սեւ ամպերը արդէն կը հեռանան ու տագնապի մշուշը կը փարատի, ի յայտ կու գայ քաջարի այս ժողովուրդին յոյսը, հաւատքն ու կամքը, շինելու, վերակառուցելու, նորոգելու իր փափքը, քանի Հալէպը տակաւին ունի այս հերոս ժողովուրդը, որոնց շարքին նաեւ հայերը, որպէս ճաճանչ, լոյսի շող, բուրմունք վարդի, հնամեայ այս քաղաքը, որ դիմացեր եւ տոկացեր է, ի հեճուկս թշնամիին ու անոր ծրագիրներուն, շուտով կը վերականգնուի: Աշուղ Ճիւանիին խօսքերով պիտի ըսեմ՝ «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ'երթան, վհատելու չէ, վերջ կ'ունենան, կու գան ու կ'երթան»: