image

Լիբանանի մէջ քաղաքական նոր տագնապ. Թեման Սուրիոյ մասնակցութիւնն է

Լիբանանի մէջ քաղաքական նոր տագնապ. Թեման Սուրիոյ մասնակցութիւնն է

Լիբանանի մէջ քաղաքական նոր տագնապ մը երեւելի սկսած է դառնալ, այն բանէն ետք, երբ երկրի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի յառաջիկայ շաբաթ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական ֆորումին Սուրիոյ մասնակցութիւնը նախապայման համարած է իր մասնակցութեան:

Պըրրիին մօտիկ աղբիւրներ նաեւ նշած են, որ եթէ Պըրրի չմասնակցի այս ֆորումին, ապա անոր ղեկավարութեան տակ գտնուող NBN կայանը որեւէ լուր պիտի չտեղադրէ սպասուած ժողովին մասին:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ յայտնած էին, որ շատ հաւանական է, որ Սուրիան մասնակցի այս արաբական ժողովին, այդպիսով կտրելով սառոյցը 7 տարիէ  պատերազմի մէջ գտնուող երկրին եւ Արաբական լիկային միջեւ, սակայն  մինչեւ այս պահը Լիբանան պաշտօնապէս հրաւէր չէ ուղարկած Սուրիոյ:

Մինչ Լիբանանի նախագահութեան աղբիւրները լռութիւն կը պահպանեն այս խնդրին վերաբերեալ, անդին սկսած է պարզ դառնալ, որ, երկրի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ամէն գնով հետամուտ  է, որ Սուրիա իր մասնակցութիւնը բերէ այս ժողովին: