image

Մանպիճի հարցի լուծումը ի նպաստ Սուրիոյ պիտի ըլլայ. Յակոբ Նալպանտ

Մանպիճի հարցի լուծումը ի նպաստ Սուրիոյ պիտի ըլլայ. Յակոբ Նալպանտ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ գրող՝ Յակոբ Նալպանտ:

 

-Հալէպի մէջ ինչպիսի՞ մթնոլորտի մէջ նշեցիք Նոր տարին եւ Սուրբ ծնունդը: Ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէր Հալէպի հայկական շրաջններուն մէջ:

 Այս   տարին  յատկապէս ապահովական   առումով անցեալ տարիներէն կը տարբերէր, բաւական ապահով է քաղաքը, հակառակ որ հարաւային կողմերը կը շարունակուին  ռումբեր իյնալ: Ժողովուրդը աւելի ուրախ էր, ելեկտրականութեան հարցը բաւական լուծուած էր, հոսանքազրկումը քիչ էր, մարդիկ տնտեսապէս որոշ չափով  աւելի բարելաւուած էին, որուն անդրադարձը տեսանք սեղաններուն վրայ, աւելի ճոխ սեղաններ պատրաստուած էին: Ըսեմ նաեւ, որ հայկական շրջանին մէջ ահագին պարապ տուներ կան, գաղթողները չեն վերադառնար, մնացողներուն համար ալ կեանքը կը շարունակուի:

 

-Անցնող տարիներուն համեմատ ինչպիսի՞ն էր իրավիճակը Հալէպ քաղաքին մէջ:

Ինչպէս ըսի, այս տարին լաւ էր, աւելի ապահով էր: Ես կը յիշեմ  անցեալ տարիներուն Նոր տարուան գիշերը «Հիւլլուք»էն եւ Հալէպի արեւմտեան կողմերէն դիտաւորեալ կը հրթիռակոծէին հայկական թաղամասերը, դիտաւորեալ կը հարուածէին յատկապէս քրիստոնէական թաղամասերը. մենք ռումբերու, հրթիռներու տակ շատ նոր տարիներ անցուցած ենք: Տարի մը, կը յիշեմ, ես Նոր տարուան գիշերը հաշուեցի, քանի հրթիռ ինկաւ մեր տան շրջակայքը, այդ թիւը տպաւորուած է մէջս, ժամը 12:00-էն 12:30-ի միջեւ, կէս ժամուան ընթացքին  17 հրթիռներ ինկան:

 

-Ձեր կարծիքով Հալէպի շուրջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն սպառնալիք ըլլալ Հալէպին, ի՞նչ կը մտածես այդ  մասին:

Ահաբեկչական խմբաւորումները սպառնալիք չեն կրնար ըլլալ Հալէպի համար, որովհետեւ նախ՝  բանակը  զօրաւոր պաշտպանողական գիծ   ունի  հոն եւ իրենք՝ ահաբեկիչները, այդ ուժը չունին այլեւս, երկրորդ՝  կարծես թէ միջազգայնօրէն ալ այդ հարցը փակուած է  եւ  Հալէպը գրաւելու  «հետաքրքրութիւն»ը   չկայ   այլեւս։ Հիմա այդ խմբաւորումները իրար մէջ, զիրար «կը մաքրեն». հաւանաբար արեւելեան կողմերը միջազգային, համաշխարհային հաշիւներու ենթակայ հողեր է, բայց Հալէպին ընդհանրապէս չեն սպառնար։ Անշուշտ բ մէկ-մէկ կը հրթիռակոծեն արեւմտեան թաղամասերը՝  «Խալտիյէ»ն, «Շարէհ Ալ-Նիլ»ը, որոնք մեր հայկական թաղամասերէն ահագին հեռու են,  եւ ուր բարեբախտաբար հայեր  չեն  բնակիր։ Անոնց արձակած  հրթիռներն ալ փոքր են, մեծ   հրթիռներով չէ որ կը հրթիռակոծեն քաղաքը, քանի որ իրենց մէկ հարուածին դիմաց,մեր  բանակը  50 հարուածով կը հակադարձէ:

 

- Ի՞նչ զարգացումներ կը սպասուին Մանպիճի շուրջ տեղի ունեցած դէպքերէն երք, խօսքը Ամերիկայի քաշուելուն, Սուրիոյ բանակի տեղաշարժին, ինչպէս նաեւ թրքական ուժերու կուտակումներուն մասին է, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես:

Իմ կարծիքով Մանպիճի հարցը պիտի լուծուի ի շահ Սուրիոյ: Քիւրտերը պիտի քաշուին դէպի իրենց շրջանները, այսինքն Եփրատ գետի արեւելեան կողմերը  եւ  Սուրիոյ բանակը   (անշուշտ ռուսական   զօրքերու ուղեկցութեամբ)  պիտի տարածուի   այդ   շրջաններուն.բնականաբար   թուրքերը պիտի նահանջեն եւ  ի վերջոյ Մանպիճը պիտի դառնայ իր իսկական տէրերուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բոլոր հողերը սուրիական պետութեան գերիշխանութեան տակ պիտի անցնինխ։ Տակաւին համաշխարհային մեծ պազարներ կ'ըլլան, բայց կը կարծեմ, որ հարցը արդէն լուծուած է ի շահ Սուրիա-Իրան-Ռուսաստան պլոքին:

 

-Ի՞նչ է այսօր հալէպահայութեան առաջնահերթութիւնը եւ արդեօք գաղութի ղեկավարութիւնը այդ առաջնահերթութեան վերաբերեալ ինչ որ քայլեր կը ձեռնարկէ:

Կրնամ ըսել, որ ըլլայ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանը, ըլլայ այլ պատկան մարմիններ, ոչ մէկը ճիգ կը խնայէ հալէպահայութեան առաջնահերթ խնդիրներու լուծման համար: Ազգային դպրոցները կը շարունակեն անվճար ընդունիլ աշակերտները, թէկուզ հերթականութեան խախտումներով, մարդոց որոշակի օժանդակութիւն կը հասնի, առաջնորդարանը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը վնասուած տուները կը նորոգէ, գործ սկսիլ ցանկացողներուն, թէկուզ չնչին, բայց իր հնարաւորութեան չափով եւս կ'օգնէ: Իմ կարծիքովս ասոնք են հիմնական առաջնահերթութիւնները, տնտեսական վիճակի բարելաւումը, որովհետեւ ապահովական հարցերը 95 առ հարիւր կրնամ ըսել լուծուած են, մեր յաջորդ քայլը խաղաղութեան հաստատումը եւ տնտեսական աճն է, հիմա մենք այդ ուղղութեամբ կ'աշխատինք: 

 

-Ի՞նչ կը նախատեսես, 2019-ը ինչպիսի՞ տարի մը պիտի ըլլայ յատկապէս հայկական Հալէպին համար:

Ես կ'ուզեմ, ցաւ ի սիրտ, փաստ արձանագրել, որ 2019-ին եւս պիտի շարունակուի գաղթը Հալէպէն, Սուրիայէն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն: Կը ցանկամ, որ այդ գաղթը դէպի հայրենիք ըլլայ, հայրենադարձութիւն ըլլայ եւ ոչ թէ՝ գաղթ դէպի արեւմուտք: Եթէ Հայաստանը լաւ, կայուն վիճակ մը գտնէ, հայրենադարձութիւնը աւելի կ'աշխոյժանայ, մանաւանդ հիմա, Հայաստանի հանդէպ նոր խանդավառութիւն մը կայ հալէպահայութեան , սուրիահայութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան մէջ: Լիբանանէն մարդիկ արդէն սկսած են վերադառնալ դէպի հայրենիք, որովհետեւ իրենց պարագային աւելի հեշտ է, Լիբանանի մէջ գոյքը արժէք ունի, անոնք իրենց գոյքը վաճառելով  բաւական մեծ գումար կը ստանան եւ շատ դիւրութեամբ կրնան Հայաստանի մէջ վերականգնել իրենց ունեցուածքը, բայց սուրիահայութեան պարագային այդպէս չէ, մինչեւ խաղաղութիւն չհաստատուի Սուրիոյ մէջ, տուներուն եւ խանութներուն արժէքը ցած պիտի մնայ, եթէ բարձրանայ գիները, ժողովուրդի մեծամասնութիւը պիտի ուզէ Հայաստան երթալ, ասի ամենամեծ նորութիւնն է: