image

Լիբանանի տագնապի խնդրով Պքէրքէյի մէջ կարեւոր ժողո՞վ

Լիբանանի տագնապի խնդրով Պքէրքէյի մէջ կարեւոր ժողո՞վ

Ըստ լիբանանեան «Ալ-Լիուաա» արաբական օրաթերթին, Լիբանանի մարոնիներու պատրիարք Մար Պշարա Պըթրոս Ռաաի նպատակ ունի կարեւոր ժողով մը հրաւիրելու, որուն մասնակից պիտի դառնան երկրի յատկապէս քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու գլխաւոր դէմքերը:

Այս մասին թերթը իր տեղեկութիւնները ստացած է երեսփոխան Միշէլ Մուաուատէն, որ երէկ հանդիպում մը ունեցած էր կարտինալ Ռաաիին հետ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ռաաի այս ժողովին միջոցաւ նպատակ ունի ի մի բերել քրիստոնեայ ղեկավարները եւ առաջ քաշել կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ իր թէզերը:

Յիշեցնենք, որ կարտինալ Ռաաի տարբեր առիթներով այս թեմային մասին խօսած է, նշելով, որ Լիբանան այսօր կարիք ունի փոքրացուած եւ թեքնորքրաթ կառավարութեան մը, որ պիտի փորձէ լուծել երկրի քաղաքացիներուն առջեւ ծառացած գլխաւոր ընկերային եւ տնտեսական հիմնահարցերը:

Ժողովի թուականի մասին տեղեկութիւն չի փոխանցուիր: