image

72 ժամուան ծանր վիճակէն ետք «Նորմա»ն այսօր կը հեռանայ Լիբանանէն

72 ժամուան ծանր վիճակէն ետք «Նորմա»ն այսօր կը հեռանայ Լիբանանէն

Լիբանանի օդերեւութաբանական վարչութեան վերջին տուեալներուն համաձայն, յառաջիկայ ժամերուն երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ ծանր փոթորիկի ալիք մը ընթացք պիտի առնէ, որմէ ետք, ըստ նոյն աղբիւրին, «Նորմա» փոթորիկը հրաժեշտ պիտի տայ Լիբանանին:

Յիշեցնենք, որ անցնող 72 ժամերուն Լիբանանի յատկապէս լեռնային շրջաններուն մէջ աննախադէպ ձիւնաթափ գրանցուած էր: Լեռնային գլխաւոր ճանապարհները փակուած մնացած էին եւ երկրին մէջ տիրող կլիմայական պայմաններուն հետեւանքով կրթութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ վարժարանները պիտի փակեն իրենց դռները մինչեւ հինգշաբթի օր:

Յայտնենք նաեւ, որ կարգ մը ծովեզերեայ շրջաններու մէջ անձրեւային հեղեղներու հետեւանքով կազմուած էին «լիճեր», որոնց հետեւանքով ալ քաղաքացիները ստիպուած եղած էին ժամեր անցընել իրենց ինքնաշարժերուն մէջ, մինչեւ որ ճանապարհները վերաբացուին:

Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն «Նորմա» անունը կրող այս փոթորիկը կը համարուի ամէնէն ուժգինը, որ կը հարուածէ Լիբանանի ոչ միայն լեռնային, այլ նաեւ ծովեզերեայ շրջանը: