image

Լիբանանի բոլոր վարժարանները փակ պիտի մնան մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի օր. Կրթութեան նախարար

Լիբանանի բոլոր վարժարանները փակ պիտի մնան մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի օր. Կրթութեան նախարար

Լիբանանի հանրապետութեան կրթութեան նախարար Մարուան Համատա քիչ առաջ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, յայտնած է, թէ մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի օր Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները, ինչպէս նաեւ արհեստից վարժարանները փակ պիտի մնան :

Նշեք, որ նախարարի այս յայտարարութիւնը տեղի կ'ունենայ այն պահուն, երբ Լիբանանը կը հարուածէ  «Նորմա» անունով փոթորիկը, որ նաեւ պատճառ դարձած է երկրի գլխաւոր ճանապարհներու փակման:

Այս որոշումին լոյսին տակ բնականաբար փակուած պիտի մնան Լիբանանի հայկական բոլոր վարժարանները եւս: