image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի ժողովին Սուրիոյ մասնակցութեան հարցը «տաք կրակի» վրայ

Պէյրութի ժողովին Սուրիոյ մասնակցութեան հարցը «տաք կրակի» վրայ

Յառաջիկայ շաբաթներուն Լիբանանի մէջ պիտի կայացուի արաբական տնտեսական ֆորում մը, որ նաեւ փորձաքարը պիտի ըլլայ Սուրիոյ՝ արաբական շրջանակներուն վերադառնալու առումով: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ, ունենալու համար լիբանանցի քաղաքական վերնախաւին համաձայնութիւնը՝ Սուրիոյ պէյրութեան ժողովին մասնակցելու վերաբերեալ:

Իր կարգին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, որ այս առաւօտ յայտարարութիւն մը կատարած է, ըսած է, թէ ինք ոչ մէկ խորհրդարանական նիստի պիտի մասնակցի, որուն ներկայութիւն պիտի չըլլայ Սուրիոյ  արաբական հանրապետութիւնը:

Յիշեցնենք, որ արեւմտեան մէկէ աւելի աղբիւրներ այս թեմային մասին գրած են աւելի վաղ, նշելով, որ շատ հաւանական է, որ Պաշշար Ասատ անձամբ մեկնի Պէյրութ եւ այդ մէկը դառնայ Սուրիա-արաբական երկիրներ սառցահալին գլխաւոր հիմնակէտը: