image

Արամ Կաթողիկոս յառաջիկայ շրջանին Դամասկոս եւ Հալէպ պիտի այցելէ

Արամ Կաթողիկոս յառաջիկայ շրջանին Դամասկոս եւ Հալէպ պիտի այցելէ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յառաջիկայ շրջանին Դամասկոս եւ Հալէպ պիտի այցելէ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կայքէջը:

Աղբիւը նաեւ կը նշէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը օրեր առաջ ընդունած է Սուրիոյ հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Պատր Ալ-Տին Հասսունի անձնական ներկայացուցիչը եւ վերջինս նորին սրբութեան Միւֆթիին կողմէն նամակ մը փոխանցած է,հրաւիրելով հայրապետը այցելելու Դամասկոս:

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ  Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու բարեմաղթութիւնները յայտնած է Հանրապետութեան Միւֆթիին՝ յայտնելով իր ներկայացուցիչին, որ մօտ ապագային ինք անձամբ պիտի այցելէ Դամասկոս ու Հալէպ եւ այդ առիթով, բնականաբար, նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Միւֆթի Հասսունին հետ։