image

«Աստուած Սէր է եւ Սէրը Աստուած է» Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

«Աստուած Սէր է եւ Սէրը Աստուած է» Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

Դիմաւորեցինք  ՁՕ19 Նոր Տարին եւ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Ծնունդը, յուսալով որ նոր ծնունդ պիտի ծլի նաեւ մեր ժողովուրդի հոգիներուն մէջ՝ ծնունդ մը, որ պիտի վերակենդանացնէ մեր ազզի զաւակները, մեր նորակազմ կառավարութեանը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, եւ պիտի զարդարէ նորանոր ծրագիրներով` մասնակցութեամբը մեր ժողովուրդին: Կ'աղօթենք որ ՁՕ19-ին, ծաղկի ու բարգաւաճի՝ մեր անկախ հայրենիքը, դառնալով այն դրախտավայրը որտեղ պիտի տիրէ արդարութիւն, սէր եւ միութիւն: Այս դրական հաւատքով, յոյսով ու սիրով կը շնորհաւորենք բոլորիդ ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ: ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

         Վերջալոյսին մտնող 2018 թուականը եղաւ անակնկալներով և փոթորկալից դէպքերով լի տարի մը, մեր ազգին համար: Սակայն հայ ժողովուրդը լսելի դարձուց իր ձայնն ու կամքը եւ պայքարեցաւ յանուն արդարութեան եւ կեանքի բարելաւման համար: Կ'աղօթենք որ Նոր Տարին նոր յոյսերու եւ իղձերու իրականացման տարի մը ըլլայ բոլորիս համար: Նոր ծնած Յիսուս Մանուկի լոյսը վերանորոգէ մեր հոգիներն ու սիրտերը, վերամշակէ մեր մտածելակերպը ու բարելաւէ մեր ապրելակերպը, որպէս զի այդ Լոյսի թափանցումովը անդրադառնանք մեր սխալներուն եւ սրբագրենք զանոնք, քանի որ Տիրոջ առաջ բոլորս ալ մեղանչական ենք եւ պէտք ունինք վերածնուելու եւ վերանորոգուելու Քրիստոսի հետ:

Քրիստոսի Ծնունդով Աստուած նոր էջ մը բացաւ մարդկութեան համար: Այդ իսկ պատճառաւ, ամէն տարի յունուար 6-ին նոր էջ մը կը բանանք մեր հոգեւոր ու բարոյական կեանքի բարելաւման համար: Կը ծնինք Քրիստոսի հետ: Կ'ապրինք Քրիստոսի Աւետարանով եւ կը ձգտինք հոգւոյ փրկութեան:

 Աստուած սիրեց իր ստեղծած մարդուն, եւ ուղարկեց իր Որդիին, քանի որ Աստուած Սէր է եւ Սէրը Աստուած է: Գերագոյն պատուիրանը որ Քրիստոս փոխանցեց մեզ սիրոյ առաքինութիւնն էր: Ան ըսաւ. «սիրեցէք զմիմեանս». այսինքն սիրենք այնպէս ինչպէս Ինք սիրեց մեզ եւ Իր կեանքը զոհեց յանուն մարդկային փրկութեան: Ան որ «սիրոյ»  առաքինութենէն զուրկ է՝ Քրիստոս ճանչնալու կարողութենէն զուրկ է, ներողամտութեան ու ինքնաճանաչելիութեան գիտակցութեան պակասն ունի, քրիստոնէական հաւատքի մէջ թերի է, եւ փակ է իր հոգեւոր տաճարի դռները:

Թող Տէրը միշտ լուսարձակէ ու խթանէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներու հոգիներէն ու սիրտերէն ներս, որպէսզի բոլորանուէր ու միասնակամ ջանքերով կարենանք բոլորս միակամօրէն դիմագրաւել ու ըստ արժանւոյն եւ միանգամ ընդմիշտ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Սիրելի Հաւատացեալներ, յոյսով ենք, որ 2019 թուականը պիտի ըլլայ յոյժ արդիւնաւէտ ու բարւոք տարի մը, իր հետ բերելով ու պարուրելով խաղաղութիւն, սէր, համերաշխութիւն համայն մարդկութեան ու յատկապէս մեր ժողովրդեան, ի Հայաստան, յԱրցախ և սփիւռքի համայն տարածքին:

 

 

Աղօթարար,

 

Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեան

Առաջնորդ Պրազիլի Հայոց Թեմի