image

Հալէպի «Շէյխ Նաճճար»ը Սուրիոյ արդիւնաբերութեան սիրտն էր.Հալէպահայ

Հալէպի «Շէյխ Նաճճար»ը Սուրիոյ արդիւնաբերութեան  սիրտն էր.Հալէպահայ

«Արեւելք»ի    հարցերուն կը պատասխանէ  հալէպահայ  Վազգէն Սարգիսեանը: Ծնած  է  Հալէպ, Մասնագիտութեամբ հետրոլիք կտորներ պատրաստելու մասնագէտ է։

-Պատերազմի ամբողջ ընթացքին Հալէպ մնացի՞ք ձեր ընտանիքին հետ:

Այո, եւ  այս մեծ պատերազմի բոլոր փուելերը ապրեցայ։

Նախքան պատերազմը, Հալէպի արդիւնաբերական քաղաք «Շէյխ նաճճար»ի մէջ մեծ գործարան մը պատրաստած էի, իր բոլոր յարմարանքներով։ Գործարանս  սկսած էր     բնականոն   հունով աշխատիլ եւ փայլուն արտադրանք  տալ։ Մեր գործարանի արտադրութիւնը  նախատեսուած էր  ներքին եւ արտաքին շուկային համար։  Մենք  ապրանք կը  վաճառէինք  Սուրիոյ համարեայ բոլոր նահանգներուն,իսկ արտադրութեան կարեւոր մէկ տոկոսը կը   վաճարէինք  Իրաք, Լիբանան եւ Սէուտական Արաբիա։

Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ թրքական աւազակախումբերը գրաւեցին Միջին Արեւելքի «Թայուան»ը համարուող «Շէյխ Նաճճար» արդիւնաբերական քաղաքը եւ այնտեղ գտնուող բոլոր գործարանները թալանեցին եւ տեղափոխեցին Թուրքիա, ուր արժէքի քառորդ գինովը վաճառեցին թուրք վաճառականներուն:

Այստեղ կ'ուզեմ նշել, որ «Շէյխ նաճճար»ի մէջ կային մեծ թիւով հայ սեփականատէրեր, որոնց բոլորին գործարանները թալանուեցան եւ մաս մըն ալ քանդուեցան, որոնցմէ մէկն ալ իմ գործարանս է:

Հիմա ճիշդն ըսած, խանդավառուած չեմ գործարանի վերանորոգումով եւ կը սպասեմ, թէ Սուրիան դէպի ուր եւ որ ճամբով պիտի  ընթանայ։

 

-Վեց երկար տարիներ թափառելէ ետք վերադարձաք ձեր սեփական տունը: Կը պատմէ՞ք  այդ մասին:

Այո, 2013-ի սեպտեմբերին ես ընտանիքիս հետ փախուստի դիմեցի մեր տունէն: Մեր տունը ուղղակի շփման գիծի վրայ կը գտնուէր՝ «Փոսթան Փաշա»ի եւ Նոր գիւղի միջեւ: Մեր տունը սուրիական բանակը օգտագործած էր որպէս  դիտորդական եւ  շրջանը հսկելու կէտ, ուր  կային էր դիպուկահար զինուորներ:

Մեք այս երկար տարիներու ընթացքին տարբեր տուներ բնակեցանք: Հայեր կային, որոնք գաղթած էին Հալէպէն. անոնք սիրայօժար իրենց տուներուն բանալիները մեզի յանձնեցին եւ այսպիսով տարբեր տուներու մէջ մնացինք, որոնց բոլորին կ'ուզեմ այստեղ շնորհակալութիւն յայտնել:

Իսկ հիմա արդէն տունս վերադարձայ եւ վեց երկար տարիներէ ետք հանգիստ զգացի տանս մէջ ապրելով: Ես եւ զաւակներս մեր տունը շատ կարօտցած էինք եւ այս տարի երկար ընդմիջումէ ետք, հարազատներով մեր տան մէջ պիտի դիմաւորենք նոր տարին: