image

«Դուն պիտի յաջողիս, որովհետեւ պատրաստածդ սրտէդ եւ յիշողութենէդ է». Արաբ մասնագէտին գնահատանքը հալէպահայ խոհարար՝ Մկրտիչ Գազանճեանին (Տեսանիւթ)

«Դուն պիտի յաջողիս, որովհետեւ պատրաստածդ սրտէդ եւ յիշողութենէդ է». Արաբ մասնագէտին գնահատանքը  հալէպահայ խոհարար՝ Մկրտիչ Գազանճեանին (Տեսանիւթ)

Հալէպահայ երիտասարդ խոհարար Մկրտիչ Գազանճեան մասնակցած է «Top Chef» յայտնի մրցումին։ Արաբական աշխարհին մէջ մեծ լսարան ունեցող  այս մրցումին դիմորդներու թիւը եղած է 2700 հոգի, անոնցմէ ընտրուած են միայն 18-ն, որոնց շարքին  է նաեւ  մեր հայրենակից ՝ Մկրտիչը:

Հալէպահայ Մկրտիչ Գազանճեան մեծ յաջողութեամբ կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը արաբական աշխարհի մէջ հեղինակութիւն եւ տարածում ունեցող, MBC1 կայանէն սփռուող «Top Chef» յայտագրին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրին համաձայն Մկրտիչ Գազանճեան արդէն իսկ յաջողած է այս մրցումին երկրորդ փուլը անցնիլ, արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ եւ յատկապէս մեծ գնահատանք ստացած է վերջին հաղորդումին ընթացքին, իր պատրաստած ճաշին համար:

Յիշեցնենք, որ այս մրցումը երկար տարիներու կեանք ունի եւ անոր մասնակցութիւն կը բերեն Միջին Արեւելքի 16-է աւելի արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Մկրտիչ Գազանճեան այս մրցումին Տիմա Ալ-Շաարին հետ կը ներկայացնէ Սուրիան եւ անցնող շաբաթներուն ան կը գտնուէր Պէյրութ, ներկայացնելու համար մրցումին համար նախատեսուած եւ իր կողմէ պատրաստուած ճաշը:

Յայտնենք, որ վերջին մրցումին տուեալներով (տեսնել տեսաիւթը) Մկրտիչ այդ փուլին պատրաստած է հայկական աւանդական ճաշը, որ յայտն է իջ անունով:

Դատակազմի անդամները մեծ գնահատանքով խօսած են այդ ճաշի ներկայացման ձեւին, բաղադրատոմսին, ինչպէս նաեւ Մկրտիչ Գազանճեանի ցոյց տուած խոհարարական բարձր ունակութիւններուն մասին:

Ժիւրի անդամներէն մէկը շնորհակալութիւն յայտնած է Մկրտիչին եւ ըսած. «Շնորհակալ ենք հայ արմատներուդ, որոնց միջոցաւ մենք իմացանք այս ճաշին մասին եւ երբեք պիտի չմոռնանք այդ մէկը: Իսկ այլ ժիւրիի անդամ նկատել տուած է, որ Մկրտիչի յաջողութեան գաղտնիքը այն է, որ ան իր ճաշը պատրաստած է հիմնուելով յիշողութեան եւ մարդու սրտէն եկած զգացումներու վրայ»:

Աւարտին յիշեցնենք, որ հայ թեկնածուն պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնը եւ մրցումի աւարտին յաղթող յայտարարուող խոհարարը պիտի ստանայ բարձր պարգեւներ, որոնց մէջ կայ նաեւ Ֆրանսայի Քորտոն Պլո յայտնի խոհարարական ակատեմիային մէջ ուսանելու հնարաւորութիւն:

Նշենք, որ Մկրտիչ մրցումին մասնակցելու համար Լիբանան մեկնած էր Հայաստանէն, ուր հաստատուած էր Սուրիոյ պատերազմի օրերուն: Ներկայիս ան հայաստանեան յայտի ճաշարաններու շէֆ խոհարար է:

«Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ մեր հայրենակիցի քայլերուն մաղթելով անոր փայլուն յաջողութիւններ եւ յարաճուն վերելք: