image

«Հըզպ սապհա»ի անդամները փակած են աշխատանքի նախարարութեան մուտքը

«Հըզպ սապհա»ի անդամները փակած են աշխատանքի նախարարութեան մուտքը

Լիբանանի քաղաքացիական հասարակութեան ուժերէն համարուող  «Հըզպ սապհա»ի անդամներ, բողոքելով երկրի իրավիաճկին դէմ, այսօր առաւօտ փակած են Պէյրութի մէջ գտնուող Աշխատանքի նախարարութեան գլխաւոր մուտքը: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ  «Հըզպ սապհա»ի այլ անդամներ նոյնպէս փակած են Ընկերային հարցերու նախարարութեան մայր մուտքը եւ անոնք նպատակ ունին  այսօր շարունակել իրենց բողոքի գործողութիւնները:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ օր եւս կազմակերպութեան անդամները նոյն արարքը կատարած էին եւ փակած էին Լիբանանի ելեւմտական համակարգի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը հանդիսացող  TVA-ի շէնքի մուտքը: