image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք միշտ Հայաստանի ժողովուրդին կողքին ենք»Սեդրակ Աճէմեան

«Մենք միշտ Հայաստանի ժողովուրդին կողքին  ենք»Սեդրակ  Աճէմեան

Այսօր ժողովուրդը ընկերային բազմաթիւ խնդիրներ ունի Հայաստանի մէջ եւ համակարգային փոփոխութիւններ պէտք է տեղի ունենան. ՍԴՀԿ գործիչ

 

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՍԴՀԿ-ի Հայաստանի Վարիչ մարմնի Ատենապետ Սեդրակ Աճէմեանը:

-Պրն. Աճէմեան, ՍԴՀԿ շատ խանդավառ ձեւով յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, սակայն աւելի ուշ, յանկարծ, հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ եւ պարզ դարձաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ընտրութիւններուն։ Ի՞նչ է իրական պատճառը այս որոշումին։ 

Ձեր հարցադրումը շատ ճիշդ եւ տեղին է: Այո, մենք առաջին կուսակցութիւններէն էինք, որ յեղափոխութեան կողքին կանգնեցանք եւ միշտ քաջալերեցինք, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի, քանի որ այդ յաջողութիւնը բոլորիս յաջողութիւնն էր: Նկատի առնելով ընդհանուր քաղաքական իրավիճակը Հայաստանէն ներս՝ մենք մեր յայտարարութիւններով, բնականաբար, մեր ծրագրերը սկսած էինք ներկայացնել զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ շատ բարձր ձեւով տրամադրուած էինք մասնակցելու համար յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Անշուշտ, այս բոլորին առընթեր մեզի համար ամենէն կարեւոր կէտը ընտրական նոր օրէնսգրքի մը ընդունումն էր եւ ՍԴՀԿ-ն մասնակից դարձաւ համապատասխան քննարկումներու։ Երբ այդ նախագծի ընդունումը տապալեցաւ, մենք վերատեսութեան ենթարկեցինք մեր որոշումը եւ յայտարարեցինք, որ մասնակցութիւն պիտի չբերենք ընտրութիւններուն։

Անշուշտ, այսօր ալ մենք պատրաստ ենք համագործակցութեան ու հաւատացած ենք, թէ յեղափոխութիւնը վերջնականօրէն աւարտած եղաւ այս ընտրութիւններով։ Այժմ քաղաքական կեանքը նոր փուլ մը կը թեւակոխէ ու կը նախատեսենք, որ այս փուլին մենք կարեւոր ու կենսական ընելիք պիտի ունենանք:

-Այսօր սփիւռքի երիտասարդութիւնը որոշ չափով անտարբեր է, որովհետեւ գրաւիչ չի գտներ մեր կուսակցութիւնները: Ի՞նչ պիտի ըլլան ձեր առաջնահերթութիւնները, որպէսզի Հայաստանի երիտասարդութիւնը հաւատայ այս կուսակցութեան եւ միանայ ձեր շարքերուն: 

-Մեզի համար ամէնէն առաջնայինը նոր ծրագրերու մշակումն է։ Հասկնալի է, որ այսօրուան երիտասարդութեան առաջնահերթութիւնները այլ են ու քաջ կը գիտակցինք, որ ժամանակները փոխուած են։ Հետեւաբար, մեր երիտասարդութեան տեսակէտէ գրաւիչ պայմաններ ստեղծելու համար մենք պարտաւոր ենք խօսիլ ծրագրերու լեզուով։ Անշուշտ, այդ ծրագրերուն զուգահեռ կայ մօտեցումներու եւ պատկանելիութեան գաղափարական երեսակը։ Հետեւաբար, վերոյիշեալ նոր ծրագրեր ներկայացնելու անհրաժեշտութեան կողքին, մենք կը կարեւորենք գաղափարական երեսակը, առանց որու դէպի մեզի եկող երիտասարդները պիտի դառնան միայն շահերու ետեւէ վազող մարդոց խումբի մը ներկայացուցիչներ։ Բնականաբար, երբ հանրութեան հասանելի դառնան մեր ծրագրերը, զուգահեռաբար մեր գաղափարները դաւանող երիտասարդութիւնը մօտէն պիտի ծանօթանայ սոցիալ դեմոկրատ գաղափարախօսութեան թարմացուած մօտեցումներուն եւ աշխատանքային ծրագրերուն։ Անշուշտ, այս բոլորին հիմքը կուսակցութեան հաւատամքն է, որ անփոփոխ է: Անշուշտ, այս մօտեցումներով մենք պիտի փորձենք ի մի բերել Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդութիւնը եւ այդ մէկը իմ կարծիքով պիտի ըլլայ Հնչակեան կուսակցութեան գլխաւոր յաջողութիւններէն մին։

-Պրն. Աճէմեան, ի՞նչ են ձեր ակնկալութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններէն,  խօսքը  յատկապէս  Սփիւռքի մասին է։ Այսինքն   ի՞նչ պէտք է ըլլայ նոր իշխանութիւններուն վերաբերմունքը հայկական  Սփիւռքին վերաբերեալ։  

Հարցումը շատ տեղին է, որովհետեւ Հայաստան այսօր առանձին չ՚ապրիր: Հայաստան կ՚ապրի իր սփիւռքով: Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու քաղաքականութեան մէջ, յատկապէս վերջին տարիներուն, մեծ բացթողումներ տեղի ունեցան եւ կը մաղթենք, որ յառաջիկային ստեղծուին այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնք կը նպաստեն կապերու ամրապնդման, նաեւ կը ներգրաւեն մեր երիտասարդութիւնը։  Ձուլումը կանխելու համար մեր երիտասարդութիւնը պէտք է կապենք մայր հողին եւ այդ առումով հսկայական ընելիք ունի մեր ապագայ իշխանութիւնը։ Այո, ճիշդ է, որ սփիւռքի կուսակցութիւնները ազգապահպանման համար աշխատանք տարած են անցեալին, բայց այսօր այդ մէկը բաւարար չէ։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ այսօր Հայաստանն ու անոր նոր իշխանութիւնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք ու մենք կը գիտակցինք, որ առանց Հայաստանի՝ սփիւռքը դատապարտուած է մահուան։

Իսկ ինչ կը վերաբերի տնտեսական ոլորտին, ապա այսօր ամենէն էականը Հայաստանի հանդէպ վստահութիւն ստեղծելու հարցն է։ Եթէ այդ վստահութիւնը վերականգնուի, ապա այն ատեն կարելի է ակնկալել, որ սփիւռքահայ գործարար շրջանակներ հանդէս գան նոր նախաձեռնութիւններով։ Մենք՝ իբրեւ Հնչակեան կուսակցութիւն, մեր քաղաքական ծրագրերուն մէջ մատնանշած ու առաջարկած ենք, որ ազգային նշանակութեամբ հաստատութիւնները պէտք է ըլլան պետութեան տրամադրութեան տակ։ Այսինքն, պետութիւնը պէտք է բաժին ունենայ ազգային մեծ նշանակութեամբ հաստատութիւններուն մէջ, այսպէսով կերտելով նոր համակարգ մը, որուն մէջ ամրագրուած պիտի ըլլան ազգային, ինչպէս նաեւ տնտեսական համագործակցութեան հիմնական դրոյթները։

-Կը կարծուէր, թէ 9 մայիսին յեղափոխութիւնը հասաւ իր աւարտին, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան վարչապետ ընտրուեցաւ խորհրդարանին կողմէ եւ ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ մտաւ: Բայց այդպէս չեղաւ Հայաստանի պարագային: Արդեօք ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ Հայաստանի մէջ: Արդեօք հակայեղափոխութի՞ւն կրնայ ըլլալ։ Դուք ունի՞ք այդ մտահոգութիւնը: 

Անցեալի քաղաքական իրավիճակը պիտի չվերադառնայ, անոր մասին ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկած ունենայ եւ իրականութեան մէջ մենք պէտք է իրատես ըլլանք եւ ձեւով մըն ալ պէտք է օգտակար հանդիսանանք, որպէսզի նման երեւոյթներ չստեղծուին։ Անշուշտ, մեր փափաքն էր, որ յեղափոխութիւնը լրումին հասնի եւ ընտրութիւնները բարեյաջող ըլլան եւ այդ մէկը արդէն եղաւ։ Յուշելու քաղաքականութիւնը մենք բնաւ պիտի չդադրեցնենք եւ այդ կը նշանակէ, որ մենք առաջ պիտի տանինք ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մը՝ կերտելու ուժեղ, զօրաւոր Հայաստան մը։ Այսօր մեր ժողովուրդը կը հաւատայ Փաշինեանի քաղաքականութեան, հետեւաբար, մենք ալ կը կանգնինք ժողովուրդի կողքին: Բայց մենք յեղափոխութեան հետ ենք, մենք անձի հետ չենք, յստակ ըսեմ, այս մեր տեսակէտն է, մենք ժողովուրդին հետ ենք՝ ժողովուրդին համար:

 

Լուսանկարը `24news.am  կայքէն