image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի ընտրութիւններ. «Իմ Քայլը» առաջատար. «ԲՀԿ» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» նոյնպէս խորհրդարան պիտի անցնին

Հայաստանի ընտրութիւններ. «Իմ Քայլը»  առաջատար. «ԲՀԿ» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» նոյնպէս խորհրդարան  պիտի անցնին

 Հայաստանի  արդի  պատմութեան մէջ   առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած    արտահերթ ընտրութիւնները հասան իրենց լրումին։

 Նախնական տուեալները   չեն   խօսիր մեծ  կամ անսպասելի  անակնկալներու  մասին   եւ ինչպէս նախատեսուած էր   վարչապետ Փաշինեանի  առաջնորդած  «Իմ  Քայլը»ը  կուսակցութիւններու դաշինքը        պիտի դառնայ  ՀՀ Ազգային Ժողովի   գլխաւոր   ուժը։

 Ինչ  կը վերաբերի  երկրորդ  եւ երրորդ  դիրքերուն,  ապա  շաֆ  հաւանական է, որ      Գագիկ Ծառուկեանի      «ԲՀԿ»ն  եւ  Էտմոն Մարուքեանի  առաջնորդած «Լուսաւոր Հայաստան»ը գրաւեն  այդ  դիրքերը։

 Անշուշտ  այս  ընտրութիւններու    աւարտին ամէնէն աւելի  ծանր  անակնկալի  առջեւ  կանգնած    պիտի ըլլան  «Հանրապետական»  կուսակցութիւնը,  որ   այս  պահու տուեալներով  կը   զբաղեցնէ         ամէնէն  շատ  քուէ ստացած   քաղաքական  ուժերուն  5-րդ   հորիզոնականը։

 Բոլորովին այլ   պարագայ է ՀՅԴ-ի  պարագան,  որ   մեծ քուէներ ստացած է Հայաստանի    լեռնային   շրջաններուն մէջ, սակայն  տուժած    մայրաքաղաք  Երեւանի  մէջ։

  Յստակ է  նաեւ, որ  այս ընտրութիւնները     պիտի ամրագրեն  վարչապետ Փաշինեանի      օրէնսդրական  հէնքերը,  վարչապետին եւ անոր    քաղաքական  թիմին  տալով  խորհրդարանի  ամբողջական   նեցուկը։

 

 Ամէն  պարագայի    ուսանելի  շատ   դասեր կը պարունակեն այս ընտրութիւնները եւ    անգամ մը   եւս կը  վերահաստատեն, որ  վերջին  խօսքը  կը պատկանի  ժողովուրդին, Հայաստանի        խրոխտ  ժողովուրդին։