image

Հայկական Նոր գիւղը սկսած է շնչել. Պարգեւ Ապաճեանի եւ անոր մօր տնօրինած ճաշարանին պատմութիւնը

Հայկական Նոր գիւղը սկսած է շնչել. Պարգեւ Ապաճեանի եւ անոր մօր տնօրինած ճաշարանին պատմութիւնը

«Արեւելք»ի  հարցերուն  կը  պատասխանէ հալէպահայ երիտասարդ տնտեսագէտ ՝ Պարգեւ Ապաճեան։

 

Հալէպահայ Պարգեւ Ապաճեան   իր մօր  հետ, վերջերս վերաբացած է պատերազմէն առաջ իրենց ստեղծած «Գառնի» ճաշարանը: Այդ փոքր խանութ-ճաշարանը, որ ընտանիքի միակ ապրուստի միջոցը պիտի ըլլար, բացումէն 7 ամիս անց, պատերազմի վրայ հասնելու պատճառով փակուած էր: Ճաշարանը վերաբանալու յոյսով ընտանիքը   սպասած էր երկար  ժամանակ։

 

Այսօր 6 տարի ետք, Պարգեւն ու մայրը մեծ յոյսերով դարձեալ վերաբացած են «Գառնի»  ճաշարանը։

 

-Մեզի կը պատմէք ձեր Ճաշարանին մասին:

Նենք «Գառնի» ճաշարանը հիմնած էինք վեց տարի առաջ՝ 2012-ին, ե՛ւ որպէս ընտանիքի ապրուստի ճամբայ ե՛ւ որպէս մօրս երազի իրականացում: Բացումի օրերուն եւ իր աշխատանքի եօթ ամիսներուն ընթացքին ճաշարանը շատ մեծ ընդունելութիւն գտաւ  եւ մեր աշխատանքը  մեծ  քաջալերանքի արժանացաւ  մասնաւորապէս  հայկական ակումբներու եւ  եկեղեցիներուն կողմէ։

Պատերազմի պատճառով ստիպուած եղանք   ճաշարանը  փակել եւ այսօր, եօթ տարիներ ետք, դարձեալ առիթը ունեցանք կրկին շարունակելու այդ գործը որ սկսած էինք:

Հիմնականին մէջ  հայկական ճաշատեսակներ կը պատրաստենք, խմորեղէն, անուշեղէն եւն.  եւ միշտ կը կը փորձենք մեր լաւագոյնը տալ:

 

-Ինպէ՞ս եղաւ, որ որոշեցիք վերաբանալ «Գառնի» ճաշարանը:

Անցեալ տարի քոյրս՝ ատամնաբուժուհի Դալար Ապաճեանը ինքնաշարժի արկածի զոհ գնաց եւ այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ ես դարձեալ քաջալերուիմ մեր «Գառնի» ճաշարանը բանալու, որովհետեւ մօրս վիճակը շատ վատ էր, մեր տան մէջ միայն լաց կը տիրէր: Որոշեցի, որ մայրս պէտք է  դարձեալ գործի դաշտ իջնէ, որպէսզի քիչ մը ինքզինք մոռնայ եւ գործով զբաղուելով այդ վիճակէն դուրս գայ:

 

Մայրս թէեւ 60-ի կը մօտենայ, սակայն մինչեւ այսօր երիտասարդ աղջկայ մը նման իր ուժը, իր եռանդը կը դնէ, ամէն ջանք կը թափէ, յաղթահարելու համար դժուարութիւնները, չի մտածեր, որ այլեւս ինք պէտք է հանգիստ ընէ եւ կ՚ուզէ   մեծ  սիրով աշխատիլ։ Աշխատանքը    կ՚իմաստաւորէ  իր  կենաքը։  

 

-Դժուա՞ր էր վերաբացման աշխատնքները:

Դժուրութիւններ բնականաբար կան, բայց կը փորձենք յաղթահարել: Նախ Աստուծոյ փառք կու տանք, որ հակառակ հրթիռներէն վնասուած ըլլալուն,   խանութի մէջի առարկաները չէին գողցուած: Բոլոր անհրաժեշտ գոծիքները՝ սառնարան եւայլն կային, ճիշդ է չէին աշխատէր, բայց բոլորը նորոգեցինք, որպէսզի մեր գործը շարունակենք, բան մը, որ  ծախսատար  էր  մեզի համար։

 

Այժմ խոհանոցին մէջ ամէն տեսակի սարքաւորումներ կան եւ մեզի ամէնէն շատ պէտք եղածը քաջալերանքն է:

 

Վաճառքի համար, որպէս շուկայ, միայն թաղամասի ժողովուրդին չենք կրնար վստահիլ, եթէ մեր եկեղեցիներէն, ակումբներէն, միութիւններէն քաջալերանք չըլլայ, դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ պէտք է յարատեւ եւ մեծաքանակ ապսպրանքներ ըլլան, որպէսզի կարենանք այս գործը շարունակել եւ այդ ժամանակ է, որ թափ կը ստանանք եւ մեծ կորովով ու եռանդով կը վերսկսինք աշխատիլ:

Անշուշտ ընթացքին կը փորձենք ցուցահանդէսներու մասնակցիլ  եւ ֆէյսպուքեան մեր էջի միջոցաւ ծանուցումներ  տալ  եւ հանրութեան ծանօթացնել մեր համեղ ճաշատեսակները:

 

 

-Հիմա վերաբացումէն ետք, ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք:

 Մենք յոյսով ենք, որ գործը լաւ կ'ընթանայ, մանաւանդ երբ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Նոր Գիւղի մէջ ամէն օր նոր խանութ մը, դարձեալ իր դռները կը բանայ, վերանորոգման աշխատանք կը սկսի եւ այսպէս ամէն վերաբացուող խանութի հետ մեր յոյսը կը մեծնայ:

 

Նոր գիւղի խանութպանները այս շրջանին ստիպուած եղած էին աւելի ապահով վայրերու մէջ խանութներ վարձել, բայց այսօր ժողովուրդը արդէն յոգնած է վարձք վճարելէն եւ հիմա Նոր գիւղի վիճակը շատ աւելի լաւ է, հետեւաբար բոլորը կը վերադառնան իրենց խանութները: Ասի մեզի համար քաջալերանք մըն է եւ ուրախութուն մը, որ մեր հայկական շրջանը դարձեալ կեանքով կը լեցուի: ԱնցեաԼ ամիս ՀՀ սփիւռքը նախարար Մխիթար Հայրապետեանը Հալէպ կատարած իր այցի ժամանակ Նոր Գիւղ ալ եկաւ, այցելեց մեր գործատեղին, գնահատեց մօրս աշխատանքը, այս մէկը մեզի համար մեծ պատիւ էր:

 

-Դուք ուրիշ գործով ալ կը զբաղի՞ք:

Նախքան պատերազմը Իքարտայի մէջ կ'աշխատէի, բայց երբ պատերազմը վրայ հասաւ, որպէս ամերիկեան հաստատութիւն, առաջին փակուող կեդրոններէն մէկը Իքարտան   եղաւ, հետեւաբար ես անգործ մնացի։

Ներկայիս կ'աշխատիմ ընկերային ծառայութեան ծիրէ ն ներս, կեդրոնի մը մէջ, որ կը պատկանի  Հալէպի արաբական  աւետարանական եկեղեցիին, ուր պաշար կը բաժնենք Հալէպի ժողովուրդին եւ տարբեր տեսակի օգնութիւններ կ'ընենք, ես մօտաւորապէս երեք տարիէի  ի վեր  այնտեղ կ'աշխատիմ։