image
Հրատապ լուրեր:

Կարտինալ Աղաճանեանը սրբութիւն է մեզի համար. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան

Կարտինալ Աղաճանեանը սրբութիւն է  մեզի համար. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան

Մխիթարեան Ուխտի անդամ Տ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան «Արեւելք»ին կը պատմէ Հայ Կաթողիկէ  անզուգական Միաբաններէն՝ Կարտինալ Աղաճանեանի մասին։

 

-Վարդապետ Ճիշդ է, որ Հռոմի Պապ նշանակուած էր Քարտինալ Աղաճանեանը:

Այո, ես այդ ժամանակ Հռոմ էի,որպէս    Վատիկանի համալսարանի ուսանող։  Անշուշտ  ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենար 1963-ին, Պիոս ԺԲ. Պապի վախճանումէն ետք: Քոնքլաւը  եղաւ (Քոնքլաւ  կը  կոչուի Վատիկանի  կարտինալներու  փակ  ժողովը, որն   գաղտնի քուէարկութեամբ կ՚ընտրէ  Հռոմի Պապ. Խմբ.Ս. Ա.)ուր բոլոր Քարտիալները կը հաւաքուին, աշխարհէն կը կտրուին մինչեւ նոր Պապի ընտրութիւնը:

Մենք այդ ժամանակ հրապարակին վրայ կը սպասէինք: Թերթերը արդէն իրենց այդ օրուայ թիւին առաջին էջերուն տպած էին, «Աղաճանեան փափա» եւ կը ծախէին,իսկ  հրապարակին վրայ  կային   թերթ  վաճառողներ, որոնք   նոյնպէս   կը  բացագանչէին, որ Կարտինալ Աղաջանեանը  ընտրուած է  Հռոմի Պապ։ Յատկապէս  կը  յիշեմ  իտալիոյ ամէնէն հեղինակաւոր   թերթին ՝«Իլ Մէսաճերո»ի   գլխաւոր   մանշէթը, ուր  մեծատառով  գրուած էր ՝  «Իլ վովո Փափա Արմէնե»,  այսինքն պիտի ունենանք      հայազգի  Պապ մը։ Թերթին  մէջ     դրուած էր  նաեւ  երջանկայիշատակ    Կարտինալ Աղաճանեանի կենսագրութիւնն ու  պատկերը: Դժբախտաբար թերթը չ՚առի, ըսի թող ընտրուի, յետոյ։

Ուրեմն երբ հրապարակը կեցած էինք,  ճերմակ ծուխը  բարձրացաւ , ինչը կը նշանակէ, որ  Կաթոլիկ եկեղեցին ունի  ընտրեալ նոր Պապ: Մէկ ժամ սպասեցինք, յանկարծ սեւ ծուխ բարձրացաւ: Հրապարակին վրայ մէկ ժամ քար լռութիւն տիրեց:Յաջորդ օրը, Աղաճանեանի փոխարէն ընտրուեցաւ Յովհաննէս 23-րդ Պապը, որ Վենետիկի պատրիարքն  էր  եւ մեզի բարեկամ  միաբան մը։


 

-Տարբեր պատճառներ կը նշուին Աղաճանեանի Պապի պաշտօնէն հրաժարելուն մասին, դուք որպէս այդ օրերը ապրած հոգեւորական, ինչ կրնաք ըսել, ի՞նչ էր իսկական պատճառը:

Ոչ մէկ արգիլող հանգամանք կար, ինք իր կամքով հրաժարած էր, ես այս մէկը վստահօրէն կ'ըսեմ: Այդ ժամանակ, երբ նոր Պապը ընտրուեցաւ, Կարտինալ Աղաճանեանը հաւաքեց մեզ՝ Հռոմի ուսանողներուս, ՚ ոպէսզի երթանք եւ մեր բարի մաղթանքները փոխանցենք  Սրբազան Պապին  եւ  ինք անձամբ առաջնորդեց մեզ:

Մեզի համար ալ խորհրդաւոր պահ մըն էր այդ մէկը, միշտ կ'ուզէինք գիտնալ ինչ պատահած էր, ինչու ճերմակ ծուխէն ետք,  յանկարծ սեւ ծուխ բարձրացաւ: Ուրեմն երբ գացինք Աղաճանեանին հետ, նորանաշնակ Պապը մեզի ըսաւ, «Ձեր Կարտինալը եթէ  ուզէր, հիմա իմ տեղս կ'ըլլար: Եթէ ինքը ուզէր, այսօր իմ աթոռիս կը նստէր»: Աղաճանեանը կարմրեցաւ, բան չըսաւ: Վերջապէս լեհահայ Փեթրովիս վարդապետը կար, որ  նորընտիր  Պապին քարտուղարն էր  ան  պատմեց մեզի իրականութիւնը: Երբ ընդհանուրի համաձայնութեամբ ընտրուած է Աղաճանեանը, ան  ծունկի եկած է կարտինալներուն առջեւ, խնդրելով, որ իր հրաժարականը ընդունին: Աղաճանեան  որպէս պատճառ ներկայացուցած էր իր հիւանդութիւնը:Կարտինալը  այդ ժամանակ  քաղցկեղէ  կը տառապէր եւ կը մտածէր, որ երկար կեանք չունի:

Մէկ ժամ տեւած էր այդ խնդրանքը, ժողովներ եղած են, Կարտինալներ աղերսացած  են, ըսելով, որ Աստուած   կամեցաւ  քու ընտրութիւնդ, կ'ուզենք որ դուն ըլլաս մեր Պապը, սակայն  ի զուր ան չէ ընդունած         լսել անոնց  աղերսները։ Ան ըսած էր, որ ինք երկար կեանք չունի եւ չուզեր եկեղեցւոյ համար աւելորդ բեռ  դառնալ, որպէսզի ի զուր տեղ մէկ տարի ետք դարձեալ այդքան կղերներ չըստիպուին հաւաքուիլ, մանաւանդ որ այդ ամէնը նաեւ մեծ ծախս էր Վատիկանի համար...

Սակայն  ատկէ  ետք Կարտինալ  Աղաճանեանը  ճիշդ տաս տարի  ապրեցաւ...

 


-Ի՞նչ կրնաք պատմել իր մասին:

Կարտինալ Աղաճանեանը Ախալքալաքէն էր:  Գործած է  Պէյրութի եւ  Հռոմի  մէջ ու   թաղուած է Հռոմ, Լեւոնեան վարժարանին յատկացուած Սուրբ Նիկողայոս  եկեղեցիին մէջ:

Աղաճանեանը ուսանած  է Հռոմի համալսարանին մէջ եւ  որպէս դպրեվանքի աշակերտ  հոն  ալ հաստատուած  է:

Շատ սիրուած էր, անոր Պապ ընտրուիլը  եղած  է ակնթարթային... Ինք երկրորդ ուժն էր եկեղեցւոյ, Պապէն վերջ ինքն էր  գլխաւորը,  որովհետեւ «փրոփականտա Ֆիտէի» ( Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ հաւատքի տարածման  մարմին Խմբ. ՝Ս.Ա.) նախագահն էր, իր խորհուրդները  լսող  հարիւր-հազարաւոր  հաւատացեալներ  կային,  շատ կը սիրէին զինք:

Պատիարք ալ եղած է: Երբ  Պէյրութ եկաւ, ես դրոշմուած չէի, որովհետեւ լատին մկրտուած եմ, լատինները  չեն դրոշմեր եւ ապրած  տեղս   հայ քահանայ չկար: Ինք  եկաւ մեզի ըսաւ «դուք հայ էք, հայ ծէսին պիտի պատկանիք» եւ ինք զիս դրոշմեց, ան նաեւ Վենետիկի մէջ զիս քահանայ ձեռնադրողը եղաւ, ինչպէս որ  խոստացած էր ինծի, երբ Էշրէֆիյէի մէջ իրեն, որպէս սարկավագ կը սպասարկէի։ Այդ ժամանակ Ժագօ  կը կանչէր  ինծի։

Մեր պատանեկութեան ժամանակ, ամէն առաւօտ պէտք է երթայինք սպասաւորութիւն ընէինք եւ վերջը դպրոց մտնէինք: Կը յիշեմ, օր մը, սինեմա Արաքսը նոր  բացուած էր  եւ յայտնի  մտաւորական ու գործիչ Աւետիս Ահարոնեանին թաղման երիզը  պիտի ցուցադրէին: Ընկերներով փախանք, սինեմա գացինք: Այդ օրը Աղաճանեանը զանգեր էր մօրս, հարցուցեր էր, ինչու ժագօն չեկաւ այսօր, հիւա՞նդ է, մայրս ըսած էր, որ դպրոցն է, այս  տիպի  շատ  յիշատակներ  ունիմ Կարտինալին  մասին։  Շատ մօտ էր մեզի, մեր տունը պատրիարքարանին մօտիկ ըլլալուն  պատճառով   յաճախ ճաշի կու գար մեր  մեզի։

Սուրբի համբաւ ունէր, այդ աստիճան, որ երբ իր մօտ  սպասարկութեան կ'երթայի, ընկերներս կ'ըսէին, նայիր արդեօք աղօթքի ատեն ոտքերը գետնէն կը բարձրանա՞ն։ Այդքան հմայք ունէր Կարտինալը։

Իւրայատուկ կղերական էր, բացառիկ մարդ, սրբակեաց։ Այդ մէկը բոլորը կը զգային իր խօսակցութեան ձեւէն, ոճէն, յորդորներէն։ Երբեք չէր  սիրեր  վիճաբանիլը, ան օրհնութիւն էր մեր  համայնքին համար։Ցաւօք  արժէքը չգիտցան, զինք ալ հալածեցին...           Աղաճանեանին պատմութիւնը բացառիկ էջ մըն է հայ Կաթողիկէ համայնքի պատմութեան մէջ:

Այս 80 տարիներու ընաթցքին իր նման միաբան մը չեմ տեսած:

 

 

-Վարդապետ որո՞ւ նախաձեռնութեամբ   մէջտեղ եկաւ Կարտինալ Աղաճանեանը  սրբադասելու   թեման։

Աղաճանեանը Վատիկանի մէջ սրբութիւն էր, մինչեւ այսօր կ'ըսեն որ իր նման Կարտինալ չէ եղած Վատիկանի մէջ: Յովհաննէս Պօղոս  Բ.ն  Պապը, ըսաւ որ այս մարդը սուրբ է, ինչու չէք  պատրաստէր  զինք սրբադասելու թղթածրարը: Եւ անոր յորդորով սկսանք Աղաճանեանի մասին նիւթեր պատրաստել:

Ցանկացած   կղերականի    սրբադասման համար որոշ տրամաբանութիւն մը,  թղթածրարի հարց կայ։  Անձը կամ մարտիրոս պէտք է ըլլայ,  կամ ալ անոր բոլոր գործերը քննութենէ պէտք է անցնին,որպէսզի անոր սրբադասման «դատ»ը  կայացուի։ Աղաճանեան իր  էութեամբ սուրբ  էր, մեծ  առաքելութեան  կատարած  նուիրեալ     կրօնական գործիչ։

Վասիկանի դրական  տրամադրութենէն ետք, բոլոր   անոնք որոնք ճանչցած են զինք, անոնք որոնք յուշեր, վկայութիւններ ունին իր մասին, սկսան գրի առնել, իրենց վկայութիւնները։ Ես անձամբ էջերով գրած եմ Կարտինալին մասին։