image
Հրատապ լուրեր:

Որո՞ւ Շահերուն Կը Ծառայէ Փարիզը Հարուածած Ահաբեկչութիւնը

Որո՞ւ Շահերուն Կը Ծառայէ Փարիզը Հարուածած Ահաբեկչութիւնը

Բոլորը կը դատապարտեն     երէկ Փարիզի մէջ   եղած ահաբեկչութիւնը:  Այս դատապարտումներուն ամէնէն  ծանրակշիռը   լիբանանցի քաղաքական   գործիչ Ուալիտ Ժոմպլաթին ըրած  յայտարարութիւնն էր: Տիւրզի ղեկավարը Փարիզի մէջ  եղածը որակեց  իբրեւ Եւրոպայի  11 Սեպտեմբեր:   Ուշագրաւ է նաեւ, որ եւրոպացի մէկէ աւելի դէտեր  յայտնած են, որ երէկ Փարիզը  ցնցած  եւ իր  ծանրութեամբ   աննախադէպ ահաբեկչութիւնը սպասելի էր:  Խաղաղ թուացող  Փարիզ քաղաքի   խորքերուն մէջ  եռացող  լաւա   մը կայ: Այս մէկը գաղտնիք չէ, ու այս մասին  խօսուած էր       անցնող տարուան  Յունուարին   «Շարլի Հէպտո»   պարբերականին դէմ եղած ահաբեկչութեան օրերուն:    Ֆրանսան այսօր  լուրջ տագնապի  առջեւ է, ու ամէնէն   դժուար  հարցն անոր ղեկավարութեան դիմագրաւած  մեծ պատասխանատուութիւնն է:   Տեղին ու յարմար չէ  այս պահուն  տարբեր վերագրումներ ընելով   մեկնաբանել   Ֆրանսան ղեկավարող այս վարչախումբին  խոցելի, ոչ հաստատակամ,   յաճախ  երկդիմի կեցուածքները:  Տեղին է սակայն ըսել, որ   խօսքի  եւ ազատութեան օրրան Փարիզը մտած է վտանգաւոր փուլ մը: Եթէ նոյնիսկ Սուրիոյ տագնապը մօտալուտ լուծում մը  գտնէ (բան մը, որ ներկայիս դժուար թէ իրականութիւն դառնայ)   միանգամայն յստակ է, որ «Իսլամական պետութեան»    ահաբեկիչները ազատօրէն կը շրջագային Փարիզի փողոցներուն մէջ: Տակաւին  չեմ խօսիր այն հազարաւգոր թունիզցիներուն եւ մարոքցիներուն  մասին, որոնք որեւէ պահու   Փարիզի գլխուն   դժոխքի դռներ բանալու ուժ ունին:   Փարիզ բարդ դրութեան մէջ է եւ  այս վիճակներուն  դիմաց   առաւելաբար,  նոր, հաստատակամ եւ   ճշմարիտ կեցուածքի մը  կարիքը կայ:  Յիշեցման կարգով ըսեմ, որ Իրանի նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանի, որ յառաջիկայ օրերուն  Էլիզէյի մէջ հանդիպում պիտի ունենար  Ֆրանսուա Հոլլանտին  հետ  ցնոր տնօրինութիւն   յետաձգած է իր այցը:    Ի՞նչ կայ այս  այցի  խափանման մէջ, եւ որո՞նք են անոնք, որ կ'օգտուին  Փարիզ- Թեհրան  սպասուած մերձեցումէն:  Ահա եւ հարցումը:

 

 Սագօ Արեան