image

Իսրայէլեան բանակի մամլոյ խօսնակը զայրացած է լիբանանցի լրագրողներէն. Պատճա՞ռը

Իսրայէլեան բանակի մամլոյ խօսնակը զայրացած է լիբանանցի լրագրողներէն. Պատճա՞ռը

Իսրայէլեան բանակի մամլոյ բանբեր Աւեխայ Ատրոհի, երէկ իր զայրոյթը արտայայտած է լիբանանցի լրագրողներու եւ յատկապէս «Ալ-Ժատիտ» կայանի լրատուական բաժնի պատասխանատուներուն դէմ:

Ատրոհի, որ երգիծական ոճով մը պատասխանած է «Ալ-Ժատիտ» կայանի կողմէ սփռուած տեղեկութիւններուն, ըսած է, որ անոնք պարզապէս կը ստեն:

Յիշեցնեք, որ օրեր առաջ Ատրոհի իր թուիթըրեան էջին տեղադրած էր լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ տեսանիւթ մը, ուր երեւելի կը դառնայ «Հըզպալլա»ի կողմէ փորուած գետնուղիները, որոնց պատճառով ալ իսրայէլեան բանակը «հիւսիսի վահան» անունով գործողութիւն մը ձերնարկած էր:

Իր կարգին, «Ալ-Ժատիտ» կայանը դիմադարձելով իսրայէլցի պաշտօնեային, նկարահանումներ կատարած էր յատկապէս Քաֆարքիլա շրջանին մէջ, ցոյց տալու համար, որ Իսրայէլի կողմէ՝ սահմանին գետնուղիներ փորելու «Հըզպալլա»ի դէմ արձակուած մեղադրանքները հիմնովին սուտ են եւ այս բոլորէն ետք, Ատրոհի չկարողանալով պահել իր զայրոյթը, թուիթըրեան իր էջին տեղադրած էր հաւնոցի մը լուսանկարը, տակը գրելով, որ «ոչինչ, ոչ մէկ բան կայ մտահոգուելիք Քաֆարքիլայի մէջ, եղածը ընդամէնը հաւնոց մըն է, հետեւաբար ,պէտք չէ մտահոգուիլ եւ յառաջիկայ օրերուն պէտք է պարզապէս լրատուական նոր նկարահանումներ կատարել այդ շրջանին մէջ»: