image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի բացայայտումէն ետք ի՞նչ կը սպասէ Լիբանանին

Իսրայէլի բացայայտումէն ետք ի՞նչ կը սպասէ Լիբանանին

Մինչ «Հըզպալլա»ի աղբիւրներ կը շարունակեն լռութիւն պահել երէկ տեղի ունեցած զարգացումներուն շուրջ, անդին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու կը շարունակէ մատ թափ տալ եւ սպառնալիքներ տեղացնել Լիբանանցի ժողովուրդին վրայ:

Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Քաֆարքիլա շրջանին մէջ գրանցուած զարգացումներուն, ուր  ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու, «Հըզպալլա» յաջողած է գետնափոր ուղիներ բանալ եւ այդ գետնուղիները բացայայտուած են իսրայէլեան բանակի մասնայատուկ ուժերու կողմէ:

Այս առումով հետաքրքրական է, թէ յառաջիկայ օրերուն ինչ զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ: Արդեօք Իսրայէլ պատրա՞ստ է Լիբանանը հարուածելու, արդեօք Իսրայէլը պատրա՞ստ է «Հըզպալլա»ին հետ զինուորական նոր բախումներու երթալու:

Անշուշտ այս բոլորը կը նշենք, յիշեցնելով նաեւ, որ իսրայէլեան բանակի տարբեր աղբիւրներ վերջին ամիսներուն բացայայտ կերպով յայտարարած են, որ իրենք պատրաստ չեն «Հըզպալլա»ի դէմ դուրս գալու:

Այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ, Իսրայէլի պատկան մարմիններ եւ յատկապէս Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու, վերջին օրերուն ամերիկացի պատասխանատուներու հետ իր ունեցած շփումներու ընթացքին, բացայայտ կերպով, խնդրելու պէս պահանջած է ամերիկացիներէն, որ «վերջ տուէք Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի գործունէութեան»:

Այս շեշտով կատարուած իսրայէլցի գլխաւոր դէմքին յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլ պատրաստ չէ «Հըզպալլա»ի հետ զինուորական բախման երթալու:

Ամէն պարագայի, յստակ է նաեւ, որ նոյնպէս մեծ խնդիրներու առջեւ է իսրայէլեան բանակը, որուն շարքերուն մէջ յոգնածութեան բացայայտ նշաններ ի յայտ սկսած են գալ:

Ի դէպ, այս փաստը կարելի է արձանագրել, հակառակ անոր, որ Իսրայէլի բանակը կը շարունակէ մնալ շրջանի ամէնէն ռազմունակ բանակներէն մին, սակայն «Հըզպալլա»ի որդեգրած «կերիլլայական» ռազմաոճը սկսած է լուրջ մտահոգութիւն դառնալ Իսրայէլի այս վարչակարգին: