image

Հայաստանը սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար փրկութիւն պիտի ըլլայ. Լիբանանահայ երիտասարդ

Հայաստանը սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար փրկութիւն պիտի ըլլայ. Լիբանանահայ երիտասարդ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Սագօ Օհանեանը, որ մտադրած է յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան  հաստատուիլ։

 

-Գետենք որ վերջերս եղաք Հայաստան, մօտէն ծանօթացաք իրավիճակին:  Ի՞նչ փոփոխութիւններ տեսաք Հայաստանի մէջ:


-Այո, վերջերս եղայ Հայաստան, նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ ընդհանուր առումներով, իբր երկիր, ժողովուրդի մտայնութիւն, երիտասարդութիւն, օրէնքի գերակայութեան վիճակ, աշխարհագրական դիրք, գեղեցկութիւն եւ այլն:

Նախքան 2018-ը, ես Հայաստան եղած էի 2004-ին եւ 2010-ին եւ փոփոխութիւնը ակնյայտ է: Կրնամ ըսել, որ 2010-էն այս կողմ, կարծես քսան տարուան փոփոխութիւն կայ, այն իմաստով, որ ժողովուրդը աւելի հաղորդակցուող դարձած է,   սովետական   մտածելակերպը  նուազած  է, սա կը նշանակէ, որ երկիրը  դէպի լաւը կ՚ընթանայ։ Ժողովուրդին շատ բաներ անվճար կը տրամադրուին,ինչպէս դպրոցական ուսումը, մշակութային միջոցառումներ, եւ այլն։

 

-Ի՞նչ էր այն ամենադրականը եւ բացասականը, որ տեսաք Հայաստանի մէջ:


-Ամենադրական բանը որ տեսայ, երկիրն մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը շատցած է, Հայաստանի մէջ նոր ներդրումներ կ'ըլլան, մանաւանդ սփիւռքահայերու կողմէ, որոնք Սուրիայէն, Լիբանանէն իրենց դրամագլուխները փոխադրած են Հայաստան եւ նոր գործեր ստեղծած,  երիտասարդութիւնը աւելի արթուն է եւ ճկուն, սփիւռքահայերու հետ շփուելու առումով: Իսկ որպէս ժխտական կողմ, կրնամ նշել, որ տակաւին հայաստանցիները բոլորը չեն, որ ընդունած են այն միտքը, որ սփիւռքահայերը Հայաստան գալով, իրենց գործը ձեռքերնէն պիտի չառնեն, այլ ընդհակառակը, իմ կարծիքով սփիւռքահայերու Հայաստան հաստատուելով, երկիր մէջ գործը պիտի զարգանայ եւ բազմամշակութային երկիր պիտի ըլլայ, ինչը մեծապէս պիտի ապահովէ Հայաստանի առաջընթացը:


-Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը մտադիր է Հայաստան գաղթել: Արդեօք ճի՞շդ է այդ խօսակցութիւնը կամ միայն բամբասանքի նիւթ է:


Ընդհանրապէս խօսակցութիւնները, ճիշդ են։ Ես որպէս լիբանանահայ կրնամ Լիբանանի երիտասարդութեան մասին ըսել. անոնցմէ շատեր կ'ուզեն Հայաստան գաղթել, որովհետեւ այլեւս իրենց ապագան չեն կրնար պատկերացնել Լիբանանի մէջ, ուր կը տիրէ սղութիւն, անգործութիւն, կեանքի տարրական պէտքերը՝ ելեկտրականութիւն, ջուր դժուար կը տրուին եւ այս բոլորին կողքին անօրէն վիճակ: Այս բոլորը չեն քաջալերեր Լիբանան մնալ եւ այնտեղ ապագայ ծրագրել, ընտանիք կազմել: Ասոր կողքին, մենք իբր հայ, ունինք հայրենիք, որուն  այսօրուան  վիճակը  Լիբանանին համեմատած՝ ե՛ւ սղութեան, ե՛ւ օրէնքի, ե՛ւ ապահովութեան առումով շատ աւելի գրաւիչ է եւ յուսադրող:

Լիբանանի մէջ 200,000  տոլար արժող տունը Հայաստանի մէջ կարելի է ձեռք բերել 50,000 տոլարով, Հայաստանի մէջ տակաւին արհեստներ կան, ոլորտներ կան, որոնք զարգանալու տեղ ունին, այս բոլորը հանգամանքներ են, որ  կը քաջալերեն երիտասարդութիւնը, որ  Հայաստան գայ: Կը մնայ, որ հայրենիքի կողմէն ալ դիրութիւններ ըլլան, որպէսզի մենք Հայաստան գանք եւ  գործեր հիմնենք եւ մեր  մասնակցութիւնը բերենք  հայրենիքի բարգաւաճման գործին: Հայաստանը, այսպիսով սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդին փրկող երկիր, փրկող հող կ'ըլլայ:


-Դուք  ժամանակ մը  Ափրիկէ  ապրեցաք,  ինչպէ՞ս էր կեանքը այնտեղ։ Գիտենք  նաեւ,  որ գործի մը  նպատակով է, որ  այդտեղ ուղղուեցաք, արդեօ՞ք արդարացուած էր հոն երթալնիդ:


Իմ Ափրիկէ երթալուս միակ պատճառը կոկիկ դրամագլուխ մը ապահովելն էր, որովհետեւ Լիբանանի մէջ հակառակ լաւ գործ ունենալուս, այդ մէկը դժուար էր: Ափրիկէ երթալուս պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ յոգնած էի Լիբանանի մոնոթոն կեանքէն եւ կ'ուզէի նոր բան տեսնել, նոր մշակոյթի ծանոթանալ եւ երբ գործի լաւ առաջարկ ստացայ, այդ քայլը առի:

Կրնամ ըսել, որ Ափրիկէն որպէս երկիր շատ գեղեցիկ է, բայց ապահով չէ, աղքատութիւն կը տիրէ, ժողովուրդը ծոյլ է, չի սիրեր աշխատիլ, իրենց համար տարբերութիւն չկայ իրենց ապրուստը աշխատելո՞վ կ'ապահովեն, թէ՞ գողութեամբ: Այսինքն, հոն հաստատուելու, ընտանիք պահելու տեղ չէ, ապագայ կերտելու համար: Իմ միակ նպատակս, ինչպէս ըսի, դրամագլուխ մը  ունենալն էր, եւ այսօր այդ դրամագլուխով է, որ առիթ պիտի ունենամ նոր կեանքս հիմնել Հայաստանի մէջ։

 

-Երկար տարիներ բացակայելէ ետք, ինչպէ՞ս տեսաք Լիբանանի երիտասարդութեան վիճակը, ի՞նչ դժուարութիւններու առջեւ է, ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ:


Լիբանանի երիտասարդութիւնը յուսահատ է ապագայի հանդէպ, այսպէս ասած գանած է ամէն ինչէ,միապաղաղ կեանքէն, դրամ չըլլալէն: Ուսումը շատ սուղ ըլլալու պատճառով, բոլոր երիտասարդներուն հասանելի չէ, եւ այդ պատճառով ալ անուսներու թիւը  հետզհետէ կը բարձրանայ, սա կը նշանակէ, որ երկիրը քայքայուելու առաջին քայլերը առած է: Նոյնն է պարագան լիբանանահայութեան մօտ, ազգային դպրոցները փակուեցան եւ եղան մէկ տեղ, որուն կրթաթոշակը այնքան բարձր է, որ բազմազաւակ  ընտանիք մը չի կրնար իր բոլոր զաւակներուն ուսման ծախսը տալ: Անոր համար հիմա մարդոց յոյսը Հայաստանն է, ուր ձրի է ուսումը, ջուրի, ելեկտրականութեան, ապահովութեան խնդիրներ չկան, կեանքդ կը լեցնես ուսումով, զբաղումով, մշակոյթ ու արուեստ սորվելով: 

 

-Որպէս վերջին խօսք,  ի՞նչ  կուզեք ըսել  մեր երիտասարդութեան:


Իմ վերջին խօսքս հայ երիտասարդութեան եւ բոլոր գաղութին ու հայութեան, այն է, որ հիմա եկած է  ժամանակը, որ իբր հայ,  մեր արժանի տեղը գրաւենք աշխարհի մէջ, ճիշդ ժամանակն է, որ առանց կուսակցական, եկեղեցական խտրութիւններու, ձեռք ձեռքի տանք, սփիւռքահայ եւ հայաստանցի, օգնենք իրար, մէկը միւսին բացերը լրացնէ եւ առջեւ երթանք, որովհետեւ հիմա մեր ժամանակն է, ասիկա մեր վերջին առիթն է, որ պէտք չէ բաց թողենք,  պէտք է իբր հայ մտածենք եւ գործենք: Մարդ արարածը առանձին շատ դժուար կրնայ տեղ հասնիլ, իսկ եթէ ամբողջ համայնքով աշխատինք, կրնանք աշխարհի շատ կարեւոր երկիրներէն մէկը ըլլալ:

Ինծի համար Հայաստանը մեծ չափի երկիր է, պատմութիւն ունեցող երկիր է, հին, աստուածային երկիր է, ասի մեզի համար բախտաւորութիւն է, շատ մեծ գործեր կրնանք ընել Հայաստանի մէջ եւ շատ արագ ձեւով կրնանք առաջ երթալ: