image

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութ վերադարձաւ

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութ վերադարձաւ

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ուշ գիշեր Պէյրութ վերադարձած է: Այս մասին տեղեկութիւն յայտնող լրատուական աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ Հարիրի չի պատրաստուիր լքել իր պաշտօնը:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ երեքշաբթի օր Հարիրի իր նստավայր Քրայթէմի մէջ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ, ուր հանրութեան հետ պիտի կիսէ իր մտորումները՝ վերջին օրերուն արձանագրուած դէպքերուն եւ քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ:

Նշենք, որ կառավարութեան կազմութեան խնդիրը մտած էր դարձեալ սառցափուլ, երբ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ելոյթ մը ունենալով ծանր քննադատութիւններ ուղղած էր Հարիրիին եւ անկէ պահանջած էր նորակազմ կառավարութեան մէջ ներգրաւել նաեւ, այսպէս կոչուած, «8 Մարտ»ի սիննի երեսփոխանները ներկայացնող նախարար մը:

Յիշեցնենք, որ հինգ ամիսներէ ի վեր Լիբանանը կը շարունակէ մնալ առանց նոր կառավարութեան: