image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին տարիներուն լիբանանցիք սկսած են մեծ տեղ տալ երաժշտական ոլորտին.Կարօ Աւեսեան

Վերջին   տարիներուն լիբանանցիք  սկսած են մեծ  տեղ տալ երաժշտական  ոլորտին.Կարօ Աւեսեան

Լիբանանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավար Կարօ Աւեսեան Պուտափեշտի մէջ արժանացած է «Կրանտ Փրի» մրցանակին, որպէս գնահատանք  վերջինիս արուեստի մէջ ունեցած   ներդրումին եւ   ցուցաբերած նուիրական   մօտեցումներուն։

Աւեսեան, տարբեր առիթներով           վեր հանած է երաժշտութեան դերը  եւ    մեծ  կարեւորութեամբ ընդգծած, թէ յատկապէս վերջին ամեակներուն լիբանանցիք սկսած են կարեւոր տեղ տալ   երաժշտութեան եւ   պետական մարմիններու  աջակցութեամբ  գործող  ֆիլհարմոնիք նուագախումբին։

Մրցանակի  լուրին հրապարակումէն  անմիջապէս ետք «Արեւելք»  կարճ  զրոյց մ՚ունեցաւ լիբանանահայ    երաժիշտին հետ, որ յատկապէս պատմեց,  իր  անցած ճանապարհին մասին։

Աւեսեան նշեց, որ նախքան Լիբանանի մէջ երաժշտական գործունէութեան  անցնիլը, աւարտած  է  Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական   երաժշտանոցը, 2001-էն մինչեւ 2007 թուականը,  աշակերտած է  Աշոտ Զօհրապեանին քով, աւարտած է  նաեւ   երաժշտական   ղեկավարի (տիրիժոր)   ուսմունքը՝  աշակերտելով Արամ Աղաբեկեանին։

Այդ վեց տարիներու ընթացքին ան  ապրած  է  Երեւանի մէջ  եւ արժանացած տարբեր մրցանակներու, ինչպէս՝ Ղազարոս Սարգսեանի անուան   յօրինման մրցոյթի մրցանակ, ձայնի եւ դաշնամուրի համար գրուած՝ Քուչակի  երեք հայրեններու ստեղծագործութեան համար մրցանակ, ինչպէս նաեւ առողջ ապրելակերպի հետեւող   ուսանողի   մրցանակ։

Աւեսեան 2008-էն ի վեր կը ղեկավարէ  Լիբանանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, համագործակցելով տարբեր սոլիսթներու՝ մենակատարներու հետ, ինչպէս նաեւ դեսպանատուներու հետ, որոնք իրենց մենակատարները կը հրաւիրեն։

Բաց  աստի  Աւեսեան կը դասախօսէ  Լիբանանի պետական  երաժշտանոցի   երկու բաժանմունքերու մէջ։

Խօսելով  իրեն  շնորհուած   մրցանակին  մասին  Աւեսեան   յայտնեց,   որ  հրաւէրը եկած էր  Հունգարիայէն, մասնակցելու համար «Տանիւպ» սիմֆոնիք նուագախումբի կազմակերպած «մասթըր քլաս»ին եւ այդտեղ  ան  11 օրուան երկար վազքի ընթացքին ծանօթացած է  ղեկավարման   բաւականին շատ լուրջ հիմունքներուն եւ պահանջներուն:  Մրցումի աւարտին անոր  շնորհուած է «Առաջին մրցանակ»ը, որպէս լաւագոյն ղեկավարող։

Մրցանակը բաշխող ժիւրին   յայտարարած է նաեւ, որ  Աւեսեանին շնորհուած է  անգամ մը եւս   Փուտափեշտ    այցելելու  հրաւէր, ուր   այս անգամ պիտի ղեկավարէ տեղի  նուագախումբը եւ այդ  մէկը  պիտի կայացուի   յառաջիկայ տարի։