image

Լիբանանի կառավարութեան տագնապը կը շարունակէ մնալ անլոյծ

Լիբանանի կառավարութեան տագնապը կը շարունակէ մնալ անլոյծ

Լիբանանի կառավարութեան տագնապը կը շարունակէ ենթարկուիլ տատանումներու: Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, նշելով, որ մինչեւ այս պահը նոր կառավարութեան կազմութեան հարցով ոչ մէկ կարեւոր նորութիւն կայ:

Յիշեցնենք, որ հինգ ամսուան բանակցութւններէն ետք, Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպած է մեծ դժուարութիւններու, որոնց հետեւանքով ալ վերջին շրջանին ան մեկնած է Լիբանանէն եւ ներկայ պահուս կը գտնուի Փարիզի մէջ:

Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ խօսելով իր Լիբանանէն հեռանալու մասին, յայտնած են, որ վարչապետը չէ հրաժարած իր պարտականութիւններէն, սակայն վերջին շրջանին կառավարութիւն կազմելու գործին վերաբերեալ իր դէմ ցցուած  դժուարութիւններուն հետեւանքով, ան վճռած է որոշ շրջան մը հեռու մնալ Լիբանանէն: