Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնադրուած եւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող FLY միութիւնը օրերս նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ միութեան դիմատետրի էջէն, ուր կը նշուէր, թէ միութիւնը այս շաբաթավերջին իրագործած է նոր նախաձեռնութիւն մը։
Դիմատետրի էջին միջոցաւ կ՚ըսուի նաեւ, որ Eat and feed նախաձեռնութեան հիմամբ միութիւնը վաճառած է խորովածի ակրատներ (սէնտուիչ) եւ վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Սուրիոյ չքաւոր երեխաներուն։
Յիշեցնենք, որ միութիւնը հիմնուած է ամերիկահայ բարերար տիկին Գարոլին Գուզույեան -Սամուէլեանի եւ անոր համախոհ խումբ մը հայերու մասնակցութեամբ, նպատակ ունենալով օժանդակութիւններ հասցնել ՝ Կիւմրիի, Վանաձորի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով ծանր պայմաններու մատնուած մեծ թիւով հայ երեխաներու։ Գարոլին Սամուէլեան տարբեր առիթներով այցելութիւն տուած է Հայաստան եւ անձամբ կարօտեալ ընտանիքներու հասցուցած է իրենց բաժին ինկած օգնութիւնը։
Նախաձեռնութեան օժանդակած են խումբ մը կամաւոր ամերիկահայ երիտասարդներ։