image

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցով կարեւոր զարգացումներ

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցով կարեւոր զարգացումներ

Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ վաղը: Այս մասին այսօր գրած է «Ալ Ախպար» պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ նաշծ է, որ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիին մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ նոյնիսկ առաց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մասնակցութեան:

Նշենք, որ անցնող շաբաթ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ամբողջացուէր, սակայն վերջին պահուն Արդարադատութեան նախարարութեան շուրջ ստեղծուած վէճին պատճառով յետաձգուած էր:

Աւելի վաղ կը յայտարարուէր, որ Արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի տրուէր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, բայց վերջին րոպէին նախագահ Աուն ընդդիմացած էր այս առաջարկին, որուն հետեւանքով ալ Լիբանանեան ուժերը յայտարարած էր, թէ  կրնան չմասնակցիլ նոր կառավարութեան կազմութեան:

Այսօր նաեւ կը սպասուի, որ նոյն կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը արտակարգ նիստ մը գումարէ եւ վերջնականապէս յայտարարէ իր կեցուածքը՝ նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ: