image

Լիբանանի նախագահ Զօր. Աուն գոհ չէ Հարիրիէն. Պատճառները շատ են

Լիբանանի նախագահ Զօր. Աուն գոհ չէ Հարիրիէն. Պատճառները շատ են

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները նոր տատանումներ գրանցած են: Այս մասին անդրադարձ կատարած է «Ալ-Ժումհուրիա» պարբերականի յօդուածագիրներէն Ասհատ Պըշարան:

 

Ասհատ Պըշարան, որ մանրամասնութիւններ տուած է այս առումով, նշած է, որ Լիբանանի նախագահը տարբեր հանդիպումներու ընթացքին իր դժգոհութիւնը յայտնած է Հարիրիի վարմունքին վերաբերեալ, նշելով, որ յատկապէս կառավարութեան թղթածրարին առընթեր Հարիրի կը շարժի նախագահին դժգոհութիւն պատճառող կեցուածքներով:

Խօսքը մանաւանդ Լիբանանի քրիստոնէական ամենափոքր ուժ համարուող Ալ-Մարատա հոսանքին երկրի Հանրօգուտ ծառայութեանց նախարարութեան պաշտօնը վստահելու վերաբերեալ է: Կը նշուի նաեւ, որ Հարիրի վերջին օրերուն սկսած է ամրացնել իր կապերը Սէուտական կողմին հետ եւ այդ առումով կը կատարէ բանակցութիւններ, որոնց մասին Աուն տեղեակ կ'ըլլայ ուրիշ աղբիւրներէ:

Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ այս տատանումները տեղի կ'ունենան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համաձայնութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, երբ Հարիրի հիմնական եւ գլխաւոր դեր ունեցաւ, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի Զօր.  Աունի նախագահութեան հասնելու օրակարգը:

Յիշեցնենք, որ Հարիրի երէկ կը գտնուէր Սէուտական Արաբիա, ուր ընդունուեցաւ Սըլման թագաւորին կողմէ եւ այս առաւօտ ան վերադարձաւ Լիբանան: