image

Էրտողան եւ «սուլթանական» խաղը

Էրտողան եւ «սուլթանական» խաղը

Միջազգային լրատուական գործակալութիւններ այսօրուան իրենց լուրերուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուցած են այն մասին, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էտողան ի՞նչ պիտի խօսի՝ կապուած Ժամալ Խաշըքճիի սպանութեան հարցին: Կը նշուի նաեւ, որ Էրտողան խօսք պիտի առնէ իր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ֆրակցիայի ժողովի ընթացքին:

Կը սպասուի նաեւ, որ Էրտողան կարեւոր համարուող յայտարարութիւններ կատարէ այս առումով, ինչպէս այս մասին երէկ յայտարարերցին թուրք մէկէ աւելի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

Ին՞չ տեղի կ'ունենայ Թուրքիոյ մէջ...

Այս առումով յստակ է, որ Էրտողան խաղաքարտի վերածած է սէուտցի այլախոհ լրագրողին սպանութեան հարցը: Ան մէկ կողմէն կը փորձէ ամերիկացիներուն հետ լեզու գտնել եւ միւս կողմէն կը սպառնայ սէուտցիներուն, թէ յանկարծ այնպիսի քայլերու կրնայ դիմել, որու արդիւնքով  սէուտցիք կրնան յայտնուիլ քաղաքական անպարկոյի վիճակի մը մէջ:

Էրտողան նաեւ կ'ուզէ հաւատացնել, որ ինք իսլամական աշխարհի գլխաւոր առաջնորդն է ու յատկապէս խաշըքճիի հարցով կրնայ կարեւոր միջամտութիւն մը կատարել մէկ կոմէն Միցաեալ նահանգներուն եւ միւս կողմէն Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:

Յիշեցնենք, որ տնտեսական ծանր տագնապի ենթարկուած Անգարա, Խաշքճիի այս հարցի շնորհիւ կրնայ շրջադարձային  քայլ մը առնելով, նոր ոճի յարաբերութիւն մը սկսիլ Ուաշինկթընի հետ: Նոյն առումով, չմոռնանք, որ Էրտողանի ուղղակի կարգադրութեամբ ամերիկացի պատուելի Ռոպընսն, որ երկու տարիէ ի վեր կը մնար թրքական բանտի ճաղերու ետին, ազատ արձակուեցաւ եւ արտայանձնուեցաւ ու հասաւ Միացեալ նահանգներ:

Արդեօք Էրտողան պիտի յաջողի իր քայլերուն մէջ կամ թէ Միացեալ նահանգներ ճանչնալով անոր քաղաքական մօտեցումները, պիտի չվստահի սուլթանի հագուստներով հանրութեան մօտեցող եւ մարդկային խիղճի ու ազատութիւններու անունով քարոզող Էրտողանին, որուն քաղաքական միաւորները կը համարուին գրեթէ սպառած: