image

Հակառակ դժուարութիւններուն տարեշրջանը սկսանք աշակերտներու թիւի աճով. Սահակեանի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեան

Հակառակ    դժուարութիւններուն  տարեշրջանը սկսանք   աշակերտներու թիւի  աճով. Սահակեանի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ Պէյրութի ՀԿԲՄ-ի Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Նազօ Ճէրէճեան


-Պրն. Ճէրէճեան, օրեր առաջ ընթացք առաւ 2018-2019 տարեշրջանը, ի՞նչ մթնոլորտի մէջ սկսաք դպրոցական այս տարեմուտը:


Կրթական գետնի վրայ, վերջին քանի մը տարիներուն պետական քննութիւներու մէջ մեր աշակերտներուն ձեռք ձգած բարձր ցուցանիշերը բարի վարկ մը ապահովեցին գոլէճիս անուան շուրջ: Վերամուտը սկսանք 36 աշակերտներու թիւի յաւելումով:

Տնտեսական տեսանկիւնէն դիտուած, գոլէճիս հովանաւոր միութիւնը՝ Հ.Կ.Բ.Մ.-ը այս տարի եւս կրցաւ լաւագոյնս դիմադրել երկրին մէջ տիրող անբարենպաստ  պայմաններուն եւ ոտքի պահել այս կրթական 97-ամեայ կաղնին:

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը աւարտած ըլլալով այս տարի նոր հայրենակիցներ չունեցանք: Իսկ մի քանի ընտանիքներ ալ մեկնեցան հայրենիք կամ Աւստրալիա, Գանատա:

Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ջանքերով գոլէճս վերանորոգուեցաւ եւ բարեզարդուեցաւ: Շրջանաւարտից միւթիւնն ալ օժանդակեց գոլէճի կարիքներուն:

Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճի առաքելութեանը հաւատացող լիբանանահայութեան շուրթերուն վրայ սկսաւ երեւնալ Սահակեանի առաքելութիւնը հաստատող դրական մեկնաբանութիւններ:


-Ինչպէս յայտնի է, վերջին 5-6 տարիներուն, Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմի հետեւանքով,  քիչ չեղաւ թիւը Լիբանան հաստատուած սուրիահայ աշակերտներուն: Մեր տեղեկութիւններով, անոնց կարեւոր մէկ տոկոսը միացաւ ձեր տնօրինած վարժարանին: Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ անոնց մասին:


2012/2013 տարեշրջանէն սկսեալ Սուրիայէն (մասնաւորաբար Հալէպէն) Լիբանան հաստատուեցան մեծ թիւով հայրենակիցներ: Մեր գոլէճի պատասխանատուներուն՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի կրթական դիւանը, երեսփոխան ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի եւ Պէյրութի քաղաքապետարանի անդամ, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ՝ Պրն. Արամ Մալեանի միասնական որոշումը եղաւ տեղին եւ վճռական՝ սուրիահայ բոլոր աշակերտները անվճար ընդունիլ գոլէճ:

Տարուէ տարի այդ հոսքը աւելցաւ, իսկ որոշումը մնաց նոյնը: Վերջին 2 տարիներուն Սուրիայէն Լիբանան հաստատուող նոր ընտանիքներ չկան: Բնական է, որ այս անակնկալ իրադարձութեանց դիմաց ունեցանք մեծ դժուարութիւններ (նիւթական, կրթական, անգլերէն լեզուի, արաբերէն լեզուի, կենցաղային, Լիբանանի կեանքին յարմարուելու, ընկերային, կարօտի, օտարութեան եւ այլն տարբեր հարցերու լուծման հարկադրանքին առջեւ, որ լուծեցինք համբերութեամբ եւ սահուն ձեւով:

Ունեցանք յառաջադէմ հայրենակիցներ, որոնք ապահովեցին դասարանին ամենաբաձր միջինները, պըրովէի եւ բաքալորիայի քննութիւններուն մէջ յաջողեցան բաւական բարձր ցուցանիշերով: Շատ կարճ ժամանակի մէջ համարկուեցան Լիբանանցի հայրենակիցներուն հետ: Անշուշտ ունեցանք նաեւ դժուարութիւններ՝ կապուած անգլերէնի եւ արաբերէնի հետ, դժուար յառաջդիմող աշակերտներ, դպրոցին եւ միջավայրին հետ չհամարկուող աշակերտներ ալ:

Դժբախտաբար, Սուրիայէն Լիբանան գաղթած աշակերտներուն մեծ մասը յոյսերը կտրած եւ լիբանանեան սղութեան եւ տնտեսական դժուար պայմաներուն չդիմանալով, վերջին 3 տարիներուն հերթաբար մեկնեցան՝  Գանատա կամ Աւստրալիա: Մէկ մասը փորձեց հայրենիք տեղափոխուիլ եւ հոն հաստատուիլ: «Ծովերէն անդին» մեկնողներուն մեծամասնութիւնը գոհ է իր առած որոշումէն «դժբախտաբար» եւ ետ դարձի կամուրջները՝ «այրած»:

Ինչ կը վերաբերի մնացողներուն, արդէն անոնք ալ այնքան շատ համարկուեցան լիբանանեան կեանքին հետ, որ անոնց Սուրիայէն գաղթած սեպելը այլեւս անիմաստ է:


-Վերջին շրջանին շատ կը  լսենք այն մասին, որ տարբեր նկատառումներէ ելլելով, լիբանանահայ ընտանիքներ իրենց զաւակները օտար դպրոցներ կ'ուղարկեն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այսօր այդ երեւոյթի մասին, որո՞նք են  այդպիսի որոշում մը առնելուն տուն տուող պատճառները եւ ատոր դիմաց ի՞նչ քայլեր կ'առնուին:


Դասական, շատ զգայուն, սակայն կարեւոր հարցում մը, որ կրթական պատասխանատուներուս համար միշտ կը մնայ վիճելի: Կարճ ասաց՝ հարցում մը, որ պատասխան չունի: Եթէ ունենար, մինչեւ հիմա լուծումի հասած կ'ըլլայինք:

Վեհափառ Հայրապետէն սկսած մինչեւ դպրոցի տնօրէնը, հայերէնի ուսուցիչը այս մասին կը յորդորէ, կը խօսի, կը համոզէ, սակայն առանց ընդհանուր գործնական լուծումի հասնելու:

Ամէն մէկս ունի ի՛ր աշխարհահայեացքը, ի՛ր կարծիքը ի՛ր մտածելակերպը, որ երբեք չի համապատասխաներ՝ միւսին:

Այստեղ, ես պիտի յայտնեմ ի՛մը, քիչ մը համարձակ, քաջ իմանալով որ «իմս» պիտի տարօրինակ թուի շատերուն համար:

Լիբանանի մէջ 2 տեսակ աշակերտներ կան:

Առաջինը այն ծնողներու աշակերտներն են, որոնք նիւթապէս շատ նեղ կացութեան մէջ են,  կամ  հազիւ միջին    կարգավիճակ մը  ունին (ժամանակին թերեւս բարւօք վիճակ ունէին) եւ չեն կրնար 500, 1000, 2000, 3000 տոլար եւ աւելի գումար յատկացնել իրենց զաւակներուն ուսման համար: Ստիպուած պիտի դիմեն 3 ձեւերէն մէկուն՝ կամ դպրոցին պարտք պիտի մնան, կամ բարերարներուն ձեռքը պիտի համբուրեն կամ ալ պետական արաբական դպրոց պիտի ղրկեն:

Երկրորդ տեսակը այն ծնողներու աշակերտներն են, որոնք առայժմ կարողութիւնը ունին վերոյիշեալ գումարները վճարելու, կը բնակին հայահոծ շրջաններու մէջ (Զալքա, Անթիլիաս, Տըպայէ, Ռապիյէ եւ վեր) ունին «High Life»  կեանք եւ կը փնտռեն իրենց ապրած կեանքի մթնոլորտին մօտ՝ գերարդիական կրթական միջավայր:

Նախ ըսեմ, այս հարցը վիճելի կը մնայ այնքան ժամանակ, որ կրթական հարցերով զբաղուողներս 2 տեսակներն ալ մէկ յայտարարի տակ կ'ուզենք տեսնել:

Մեր գոլէճի աշխարհագրական դիրքը հեռու է Զալքա-Ռապիյէէն եւ անտանելի խճողումներէն, հայահոծ շրջաններէն, ուստի ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլար 2րդ տեսակին մասին մտահոգուիլն ու յոյսեր դնելը այդ ընտանիքներէն մեծ թիւ աշակերտներ ունենալուն վրայ: Այդ շրջաններէն հեռու հայկական վարժարանները տարուէ-տարի պիտի ունենան աշակերտական թիւի անկում, ինչքան ալ արդիականացնեն իրենց արտաքին տեսքը:

Մերինը կը կեդրոնանայ առաջինին վրայ: Հոս ուրախութեամբ կ'ուզեմ նշել, որ յանձինս Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան եւ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ Պրն. Արամ Մալեանի ջանքերուն, վարժարանիս կրթաթոշակը շատ մօտիկ է պետական վարժարաններու սակերուն՝ (750,000 -1,000,000 լ.ո.) ինչը թոյլ կու տայ մտածել բազմաթիւ հայ ծնողաց իրենց զաւակները չյանձնել պետական «բարերարութեան» այլ՝ բերել Սահակեան: Միթէ՞ սա հայապահպանութեան գործնական օրինակ չէ: Մեր նպատակը երբեք աշակերտներու թիւի յաւելացում չէ, ոչ ալ շքանշաններով մեր կուրծքերը զարդարուած նկարուիլը: Պարզապէս Ս.Դ.Հ.Կ.-ը գտած է վարժարանը կանգուն պահելու դժուարին ձեւը եւ կը կատարէ ի՛ր սկզբունքային առաքելութիւնը յաչս կարիքաւոր ընտանիքներու: Եթէ Ս.Դ.Հ.Կ.ը եւ Հ.Կ.Բ.Մ.ը այսպէս չվարուէին, հաւատացէք որ բազմաթիւ հայ ծնողներ իրենց զաւակները պիտի առաջնորդէին պետական օտար վարժարաններ: Մաղթանքս է, որ անոնք երկար շունչ ունենան տնտեսական այս ճգնաժամային, տագնապալի տարիներուն դիմաց: 

 

-Լիբանանահայ վարժարաններուն միջեւ համագործակցութիւն կա՞յ, առնուազն տնօրէններու կամ ուսուցիչներու մակարդակով, եթէ ոչ, ինչո՞ւ այդպիսի նախաձեռնութիւն մը չկայ գաղութին մէջ:


Լիբանանի կրթական հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւն գոյութիւն չունի: Սա նորութիւն մը չէ: Այո', նախաձեռնութիւն ընող ալ չկայ: Պարզ այն պատճառով, որ աշակերտ չկայ: Անոնց թիւը նուազած է: Մեծ  թիւով դպրոցներ փակուեցան: 2017-18 ուսումնական տարեշրջանը լիբանանահայ կրթական կեանքի ամենատխուր տարին է: Նախաձեռնողը պէտք է ըլլայ չէզոք կողմ մը: Ո՞ւր է այդ չէզոք «հայրը»: Ամէնքն ալ զբաղուած են իրենց հաստատութիւնը պահելու, աշակերտ չկորսնցնելու մտահոգութեամբ:

Ազգային առաջնորդարանը քանի մը անգամ փորձեց  ի մի բերել հայկական վարժարաններու տնօրէններու մտահոգութիւնները: Սակայն, կրթական հաստատութիւններուն համագործակցութիւնը պէտք է կատարուի ոչ թէ տնօրէններու, այլ՝ կրթական պատասխանատուներու, համայնքապետերու ջանքերով: Հայկական վարժարանները մեծապէս տուժեցին Լիբանանի «յաւելումներու եւ յետնեալներու» օրէնքներու փոփոխութիւններէն: Ասոր առաջքը թերեւս առնուէր, եթէ համագործակցութիւն մը գոյութիւն ունենար կրթական աւելի բարձր մակարդակներով:


-Արդեօ՞ք ձեր տնօրինած վարժարանէն ներս քաղաքական կամ գաղափարական ուղղուածութիւն կա՞յ, եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ, եթէ՝ այո, ի՞նչ մեխանիզմներով կ'իրականացուի այդ դաստիարակութիւնը:


Ակնյայտ է, որ Սահակեան գոլէճը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնին: Եթէ հայկական կարգ մը վարժարաններու մէջ նկատելի է քաղաքական, գաղափարական ուղղուածութիւն, ապա մեր գոլէճէն ներս այսպիսի աշխատանք չի տարուիր: Մեր ուղղուածութիւնը պարզապէս հետեւեալն է.  Սահակեանը կը պատկանի բոլորին, աշակերտը կ'ենթարկուի միմիայն վարժարանի օրէնքներուն, բոլոր աշակերտներն ալ ունին հաւասար իրաւունքներ,  ոչ մէկ ճնշում, ոչ մէկ խտրականութիւն կայ, նոյնիսկ եթէ աշակերտներէն ոմանց ծնողները  պատկանին քաղաքական այլ հոսանքի: Ս.Դ.Հ.Կ.ի համար այս մէկը սկզբունքային գործելաձեւ է, քանի որ ան կը հաւատայ լիբանանահայութեան միասնականութեան եւ անոր շահերը կը դասէ ամէն բանէ վեր:


 

-Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի լիբանանահայերու՝ Հայաստան տեղափոխուելու երեւոյթի մասին, ինչքանո՞վ իրաւացի է այս տեղեկութիւնը:


Մինչեւ 2 տարի առաջ հայրենիք կը մեկնէին պատերազմին պատճառով Լիբանան հասած քանի մը հալէպահայ աշակերտներու ընտանիքներ միայն: Այս տարի սակայն, լիբանանցի ընտանիքներ ալ սկսած են Հայաստան տեղափոխուիլ: Կը կարծեմ, որ այս դրական երեւոյթը յառաջացաւ վաչապետ Նիկոլ Փաշինեանի  իրականացուցած «թաւշեայ յեղափոխութենէն» անմիջապէս ետք: Մարդիկ հաւատացած են, որ իրենց կենցաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ հայրենիքի մէջ, պիտի կարենան գործ գտնել եւ բարեկեցիկ կեանք ունենալ: Այս հոսքին մասին կ'իմանանք բոլոր հայկական վարժարաններէն եւ միակ ուրախացնող երեւոյթն է՝ անցնող 7-8 տարիներուն: Եթէ Հայաստանի տնտեսական վերելքը հաստատուի եւ դառնայ աւելի յուսադրիչ, ապա  յառաջիկայ տարիներուն ականատես պիտի ըլլանք հայրենիք ներգաղթողներու աւելի մեծ ալիքի:

 

-Լիբանանի նման երկրի մը մէջ , ուր ընկերային տագնապներն ու յոռի բարքերը տարածուած են, հայկական վարժարանները ինչքանո՞վ պաշտպանուած են այդ բոլորէն: Արդեօ՞ք նման երեւոյթները՝ թմրեցուցիչի գործածութիւն, սեռային տարբեր բնոյթի դրսեւորումներ եւ այլն թափանցած են լիբանանահայ վարժարաններէն ներս:


Բարեբախտաբար այսպիսի յոռի երեւոյթներ չկան: Կ'ընդունինք, որ սերունդը փոխուած է: Փոխուած են շատ մը երեւոյթներ: Ներկայ սերունդին հետ աշխատիլը դարձած է շատ դժուար: Ուսուցչութիւնը դարձած է ոչ ցանկալի ասպարէզ: Ծնողներէն շատեր ազդեցութիւն չունին իրենց զաւակներուն  վրայ: Աշակերտները լքուած են իրենք-իրենց աշխարհին հետ, իրենց բջիջայիններուն հետ: Մեր շուրջը տարածուած են այսօրինակ յոռի երեւոյթները: Բարեբախտաբար հայկական վարժարաններուն մէջ տակաւին այսպիսի երեւոյթներ չկան (կամ ալ արտայայտուած չեն):

Մենք այս հարցին վերաբերեալ խիստ հետեւողական ենք եւ մօտէն կը հետեւինք աշակերտներուն, ինչպէս կրթական, այնպէս ալ՝ անձնական, ընկերային կեանքին, միշտ կապի մէջ ենք ծնողներուն  եւ ուսուցիչներուն հետ:  Իւրաքանչիւր ուսուցիչ ինք հոգեբան է եւ դաստիարակ: Մենք չունինք ընկերային հոգեբան-ծառայողներ, սակայն ի պատիւ մեր    ուսուցչակազմին, պէտք է ըսեմ, որ անոնք լաւապէս կը կատարեն այս բաժինը եւս: