image

Պաղեստինեան գաղթակայաններու թղթածրարը դարձեալ «կրակի վրայ»

Պաղեստինեան գաղթակայաններու թղթածրարը դարձեալ «կրակի վրայ»

Պաղեստինեան գաղթակայաններու հարցը դարձեալ քննարկման առարկայ դարձած է: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Մուսթաքպալ» պարբերականը, նշելով, որ Լիբանանի ապահովական մարմիններու կողմէ կատարուած բացայայտումներու հիմքով, որոշ կողմեր կը պատրաստուէին ահաբեկչական մեծ գործողութիւն մը կատարել Սայտայի «Այն Ալ-Հլուէ» գաղթակայանին մէջ:

Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ երկու շաբաթներ առաջ Լիբանանի ապահովական մարմիններ ձերբակալած էին Հուսայն Նաուֆալը՝ «Ալ-հաքիմ» ծածկանունով յայտնի պաղեստինցի զինեալը, որ կը կարծուի, որ մտադիր էր ահաբեկչական մեծ գործողութիւն մը կատարել:

Յիշեցնենք, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ կան հազարաւոր պաղեստինցի զինեալներ, որոնց մեծ մասը ունի կրօնական թեքում եւ կապեր ունի «Համաս» շարժումին հետ, իսկ մնացեալ մասը, որ կը համարուի օրինական, կապուած է Եասէր Արաֆաթի հիմնած Պաղեստինի ազատագրութեան կուսակցութեան (PLO) հետ:

Յիշեցնենք նաեւ, որ տարբեր առիթներով լիբանանեան մամուլին մէջ տեղեկութիւններ հրապարակուած են այն մասին, որ «Այն Ալ-Հլուէ» գաղթակայանի պաղեստինցի զինեալները տարբեր միջավայրերու մէջ կապեր հաստատած են «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման հետ: