image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Կառավարական տագնապը դարձեալ փակուղի մտաւ

Լիբանան. Կառավարական տագնապը դարձեալ փակուղի մտաւ

Անցնող օրերուն վարչապետ Հարիրիի գլխաւորութեամբ կազմուելիք Լիբանանի նոր կառավարութեան թղթածրարը դարձեալ փակուղի մտաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցեն լիբանանեան աղբիւրներ, նշելով, որ այս փուլին կառավարութեան կազմութեան գլխաւոր արգելքը կը հանդիսանայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեցուածքը, որ դժգոհ էր տեղի ուեցած վերջին կարգադրութիւններէն:

Ըստ լրատուական աղբիւրներու, նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ արդարադատութեան եւ փոխ վարչապետի նախարարական աթոռները պիտի վստահուէին նախագահ Աունի կողմնակիցներուն, որուն պատճառով ալ Լիբանանեան ուժերու ղեկավարութիւնը մերժեց մասնակցիլ նման կառավարութեան մը:

Աւելի ուշ նաեւ յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի նախագահը համաձայնած է փոխ վարչապետի պաշտօնը տրամադրել Լիբանանեան ուժերուն, սակայն նոր կառավարութեան կազմութեան առջեւ գլխաւոր արգելք հանդիսացող հարցը կը շարունակէ մնալ արդարադատութեան նախարարութեան խնդիրը:

Յիշեցնենք, որ չորս ամիսներէ ի վեր Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի տարբեր եղանակներով եւ տարբեր անուանացուցակներով կը փորձէ նոր կառավարութիւն կազմել, սակայն կը հանդիպի արտաքին եւ մանաւա՛նդ ներքին արգելքներու: