Լիբանանահայ Աւետիս Գրիգորեանը ( 13 տարեկան) կարիքն ունի մեր օժանդակութեան։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Աւետիսի հարազատներէն, որոնք նաեւ յայտնեցին, որ արեան քաղցկեղէ տառապող հայ պատանին պէտք է ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան։
Կը նշուի նաեւ, որ Աւետիսի գործողութեան ծախսերը կը հասնին 150 հազար ամն տոլարի ու այդ պատճառով ալ անոր հարազատները սկսած են դրամական օժանդակութիւններ հաւաքելու արշաւի։
Նշենք, որ Պէյրութ ապրող մեր պատանի հայրենակիցին նիւթական փոխանցումներ կատարելու համար մեր հայրենակիցները պէտք է օգտուին հետեւեալ դրամատնային հաշիւներէն ՝
Bank account details for Avedis Krikorian
FRANSABANK
Account USD:
0121USD15150470h88603
IBAN: LB4800010121USD1515047088603
BIC CODE: FSABLBBXAXXX