image

Լիբանանի կառավարութեան տագնապ. Հայ համայնքը անտեսման վտանգին տակ

Լիբանանի կառավարութեան տագնապ. Հայ համայնքը անտեսման վտանգին տակ

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան տագնապի ծիրէն ներս նոր զարգացումներ գրանցուած են: Այս մասին կը յայտնեն լիբանանեան տեղական լրատուական ծառայութիւնները նշելով, որ այս անգամ տագնապին մէջ նոր առանցք մը բացուած է եւ այդ մէկը կապ ունի 30 անդամներէ բաղկացող կազմուելիք նոր կառավարութեան մէջ հայ ներկայացուցիչներու մասնակցութեան թուաքանակին հետ:

Ըստ այդ աղբիւրներուն, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուած է լուրը այն մասին, թէ լիբանանահայ համայնքը պիտի ունենայ մէկ նախարար կառավարութեան մէջ, մինչդեռ ըստ օրէնքին, լիբանանահայ համայնքը պէտք է ներկայացուի երկու նախարարներով:

Նոյն ծիրէն ներս, կառավարութեան մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան երէկ հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Աունին հետ եւ անոր ներկայացուցած է լիբանանահայութեան ընդհանուր բողոքը:

Իր կարգին հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ կը գտնուի Ժընեւ,  այս մասին յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, ըսած է, որ բոլորը պէտք է գիտնան, որ անընդունելի է, որ լիբանանահայ համայնքը անտեսուի եւ համայնքը կառավարութեան մէջ պէտք է ներկայացուի երկու նախարարներով: