image
Հրատապ լուրեր:

Խայտառակ վիճակ Պէյրութի մէջ. Ի՞նչ տեղի ունեցած է երէկ գիշեր (Տեսանիւթեր)

Խայտառակ վիճակ Պէյրութի մէջ. Ի՞նչ տեղի ունեցած է երէկ գիշեր (Տեսանիւթեր)

Երէկ երեկոյեան ժամերուն արտակարգ իրավիճակ տիրած է Պէյրութի գլխաւոր մայրուղիներուն վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը յայտնեց նաեւ, որ յատկապէս Մաթնի գլխաւոր մայրուղիին, այսինքն Պուրճ Համուտը Անթիլիասին կապող մայրուղիին վրայ, տեղի ունեցած են ինքնաշարժի մեծ կուտակումներ եւ այդ խցանումներուն պատճառ հանդիսացած է անձրեւային հեղեղները, որոնք նաեւ վերածուած են լճակներու:

Այս մասին նաեւ խօսած է Լիբանանի քաղաքացիական հարցերու նախարարի գրասենեակի պատասխանատու Շաքիպ Խուրին, որ հաւաստած է, թէ նախարար Եուսէֆ Ֆընեանոսի բարձր տնօրինութեամբ նախարարութեան աշխատանքային խմբակները տարածուած են ամբողջ Պէյրութի մէջ եւ յատկապէս Մաթնի մայրուղիին վրայ՝ լուծելու համար առկայ խնդիրները: Ըստ Խուրիի առկայ հարցերը լուծուած են շնորհիւ աշխատանքային խմբակներուն:

 

Յիշեցնենք նաեւ, որ այս լուրին մէջ տեղադրուած տեսանիւթը տարածուած է «ուաթս ափ» ծառայութեան միջոցաւ՝ լիբանանահայ օգտատէրերու միջեւ: