image

Հալէպի տարբեր շրջաններ ենթարկուած են հրթիռարձակումներու

Հալէպի տարբեր շրջաններ ենթարկուած են հրթիռարձակումներու

Ռուսական «Sputnik» ծառայութեան փոխանցմամբ, Հալէպի ծայրամասերուն գտնուող շրջաններ ենթարկուած են հրթիռարձակումներու:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ խաղաղ բնակչութեան՝ «Ալ-նիլ» եւ  «Ալ-շահպաա» շրջանները ենթարկուած են ծանր հրթիռարձակումներու, սակայն մարդկային զոհերու մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր:

«Sputnik» նաեւ կը հաղորդէ, որ այդ հրթիռարձակումներուն աղբիւրն է «Ալ-զահրաա» շրջանը, որ կը գտնուի Հալէպի հիւսիս արեւմտեան հատուածին մէջ:

Իրենց կարգին Հալէպի մասին լուրեր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ երէկ ծանր բախումներ եղած են յատկապէս Հալէպի արեւմտեան հատուածին մէջ, մէկ կողմէ՝ Սուրիոյ բանակի  եւ միւս կողմէ իսլամիստ ծայրայեղականներուն միջեւ: Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր:

Յիշեցենք, որ  հրթիռարձակման ենթարկուած շրջաններուն մէջ հայեր չեն ապրիր: