image

Ծննդավայր Հալէպի մէջ շէնքերը չէ, որ կը փնտռէի, այլ...հարազատներս. Մառնի Ինճէյեան

Ծննդավայր Հալէպի մէջ շէնքերը չէ, որ կը փնտռէի, այլ...հարազատներս. Մառնի Ինճէյեան

«Հալէպէն բաժնուիլը դժուար եղաւ... եւ դժուար թէ վերադառնանք». Երիտասարդ հայուհին  պատմեց Հալէպի իր  այցին մասին

 

 

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած  եւ  վերջերս Հալէպ այցելած երիտասարդուհի՝ Մառնի Ինճէեանը:

 

-Ինչպիսի՞ն էին  սերնդակիցներդ եւ ընկերներդ, որոնց հետ մանկութիւն անցուցած ես։  Ինչպէ՞ս գտար զիրենք, ինչպէ՞ս  կրցած էին դիմանալ  բոլոր  դժուարութիւններուն։ 

Ընկերներս, որոնց հետ հասակ  առած եմ, հիմնականին  մէջ  Հալէպ չէին արդէն,անոնցմէ շատ քիչերը  մնացած էին հոն: Անշուշտ փոխուած գտայ  զիրենք եւ պատճառը վստահաբար իրենց ապրած պատերազմական տագնապն ու դժուարութիւններն էին: Ի վերջոյ  շատ ծանր վիճակներէ անցած են: Չեմ կրնար ըսել ինչպէս կրցած են դիմանալ այդ բոլորին, բայց կրցած  են դիմանալ, երեւի իրենց լաւատեսութեան եւ յոյսին շնորհիւ, միշտ մտածելով որ   վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Անշուշտ նկատելի էր, որ այդ թոհուբուհի մէջէն անցած ըլլալով, անոնց մտածողութիւնը բաւական փոխուած է, եթէ   համեմատենք  այլ երկիրներու մէջ ապրող իրենց սերնդակիցներուն հետ:

 

-Իսկ այդ  դէմքերը որոնք չկային, հեռացած  էին, ի՞նչ մտածեցիր անոնց մասին։

Շատ կը փնտռէի այդ դէմքերը, որոնք այլեւս չկային, հեռացած էին Հալէպէն, շատ կը մտածէի իրենց մասին, թէ՝ արդեօք եթէ Հալէպ մնցած ըլլային, ինչպէս պիտի ըլլար ամէն ինչ: Ինչպէս որ ըսի, ես Հալէպի  շէնքերը կամ կառոյցները չէ որ կը փնտռէի, այլ՝ հարազատ մարդիկը, իրենց ներկայութիւնը եւ այդ ներկայութեան պակասը շատ զգացի:

 

-Հոն մնացող հալէպահայ երիտասարդները կամ  սերնդակիցներդ  ի՞նչ ապագայ  պիտի ունենան Հալէպի մէջ։

Չեմ գիտեր ինչ ապագայ պիտի ունենան Հալէպ մնացող սերնդակիցներս, կը կարծեմ այդ մէկը տուեալ անձին կախեալ է: Շատեր կային, որ իրենց ապագան Հալէպի մէջ կը տեսնէին, ցանկութիւն ունին իրենց կեանքը հոն շարունակել, ուրիշներ ալ եղան, որ ըսին, թէ կ'ուզեն դուրս ելլել Հալէպէն :

 

-Յոյս կա՞ր անոնց  աչքերուն մէջ։

Այո, յոյս կար, անշուշտ յոյս կար, եթէ չըլլար, չէին կրնար այսքան դժուարութիւններուն դիմանալ, որովհետեւ յոյսն է, որ իրենց ուժ տուած  է իմ կարծիքով: 

 

 

-Պիտի ուզե՞ս  մանկութեանդ քաղաք՝ Հալէպ  վերադառնալ ու հոն ապրիլ։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ։

Վերադառնալ Հալէպ հոն ապրելու նպատակով՝ ոչ, չեմ մտածեր, ոչ թէ անոր համար, որ հոն չեմ սիրեր ապրիլ, այլ՝ Հայաստան կ'ուզեմ ապրիլ: Միշտ երազած եմ Հայաստան ապրելուն մասին, հիմա երազանքս կ'ապրիմ, ես կը սիրեմ Հայաստանը եւ երբեք հոսկէ հեռանալու մասին չեմ մտածեր:

 

-Ի՞նչ  ըսիր Հալէպիներբ  հեռացար քաղաքէն։

Ճիշդը, այս անգամ աւելի դժուար էր Հալէպէն հեռանալու պահը, որովհետեւ անցեալ անգամ, երբ որ ձգեցի Հալէպի, գիտէի, որ երեք ամիս ետք ետ պիտի վերադառնանք, հակառակ որ յայտնի հանգամանքներու բերումով այդպէս չեղաւ, բայց այս անգամ երբ ձգեցի Հալէպը, չէի գիտեր երբ անգամ մը եւս պիտի տեսնեմ այն, ըսի՝ « յուսամ շուտով կը  հանդիպինք»: