image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան տնտեսական մեծ «պայթում»ի մը սեմի՞ն

Լիբանան տնտեսական մեծ «պայթում»ի մը սեմի՞ն

Արեւմտեան ԶԼՄ-ներու կարծիքով Լիբանան պիտի թեւակոխէ տնտեսական տագնապի փուլ մը, որուն հետեւանքով ալ երկրի դրամանիշը մեծ անկում կրնայ արձանագրել: Այս մասին յատկապէս գրած է «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով, որ եւրոպական շարք մը ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ գործարարներ, անցնող օրերուն հեռացուցած են իրենց գումարները Լիբանանէն եւ հրաժարած են նախօրօք եղած ծրագիներէն:

Աղբիւրը նաեւ կը յուշէ, որ եւրոպական յայտնի մի քանի պարբերականներ այս թեմային մասին խօսած են անցնող ամիսներուն եւ ըստ երեւոյթին երկիրը արդէն հասած է այդ տագնապին դուռը:

Իր կարգին լիբանանեան «Ալ-Ախպար» պարբերականի տնտեսական վերլուծաբանը յօդուած մը ստորագրելով, խօսած է «նախատեսուած» տագնապին մասին, նշելով, որ ան կապ ունի քաղաքական այն ճնշումներուն հետ, որոնց կ'ենթարկուի Լիբանանը:

Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթներուն մէկէ աւելի լիբանանցի պատասխանատուներ յայտարարած էին, որ երկրի դրամանիշը կը գտնուի ապահով վիճակի մը մէջ եւ այդ առումով հնչած մտավախութիւնները անհիմն են:

Նոյն տիպի յայտարարութիւնով հանդէս եկած է Լիբանանի կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռաիտ Սալամէ, նշելով, որ ճիշդ է, որ տնտեսութիւնը դժուաար վիճակի մէջ է, բայց եւ այնպէս Լիբանանեան թղթոսկին կը շարունակէ պահել իր կայուն վիճակը: