image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի Շիիթ համայնքը այսօր կը նշէ «Աշուրա»ի սգատօնը

Լիբանանի Շիիթ համայնքը այսօր կը նշէ «Աշուրա»ի սգատօնը

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լիբանանի շիիթ համայնքը կը նշէ «Աշուրա»ի սգատօնը: Շիիթ համայնքի հազարաւոր անդամներ փողոց իջնելով կը մասնակցին երթերու, ոգեկոչելու համար Մուհամմէտ մարգարէի երկու որդիներուն՝ Հասանի եւ Հիւսէյնի  յիշատակը:

Յիշեցնենք, որ մարգարէի երկու որդիները սպաննուած էին անարգ կերպով եւ ատոր հիմքով է նաեւ, որ սկիզբը կը տրուէր իսլամական կարեւոր հարանուանութիւններէն մէկուն՝ շիիթ համայնքին:

Ինչպէս յայտնի է, Լիբանաի մէջ շիիթները այսօրուայ դրութեամբ կը գրաւեն կարեւոր դիրք: Յատկապէս Լիբանանի իսլամական դիմադրութեան սկիզբով եւ ապա «Հըզպալլա» կազմակերպութեան ի յայտ գալով, շիիթները դարձան քաղաքական կարեւոր գործօն, ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Բնականաբար շիիթներուն համար կարեւոր երկիրներ կը համարուին Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը ու նաեւ Իրաքը:

Յատկապէս Իրանի իսլամական հանրապետութեան մէջ, շիիթները շնորհիւ Իմամ Այաթուլլահ Ալ Խումայնիի յաջողեցան ստեղծել եւ կերտել շիիթ ընկալումներով գործող եւ ղեկավարուող առաջին հանրապետութիւնը, որ կոչուեցաւ Իրանի իսլամական հանրապետութիւն:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, ապա Իրանի անմիջական նեցուկը ունեցող «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը յաջողեցաւ ապահովել Լիբանանի հարաւային շրջաններու անվտանգութիւնը եւ ապահովութիւնը, շնորհիւ ռազմական գործողութիւններուն  «Հըզպալլա» յաջողեցաւ 2000 թուականին դուրս քշել իսրայէլեան ուժերը, յատկապէս Լիբանանի հարաւային հատուածներէն: