image

Լիբանանի մէջ փողոցի մը անուանումը նոր քաղաքական տագնապ կը ստեղծէ

Լիբանանի մէջ փողոցի մը  անուանումը նոր քաղաքական տագնապ կը ստեղծէ

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող «Ղըպայրի»ի շրջանին մէջ փողոցի մը Մուսթաֆա Պատըր Ալտինի անունով անուանուիլը նոր քաղաքական տագնապ կը հասունցնէ: Այս մասին գրած է Լոնտոն հրապարակուող «Շարք Ալ-Աուսաթ» օրաթերթը:

Պարբերականը նաեւ դիտել կու տայ, որ «Հըզպալլա»ի առաջնորդներէն համարուող Մուսթաֆա Պատըր Ալտինի անունով փողոցի մը անուանումը կրնայ լուրջ քաղաքական տագնապի մը վերածուիլ, որովհետեւ Պատըր Ալտինի անունը անմիջապէս կ'առնչուի Հարիրիի սպանութեան դատական գործին:

Յիշեցնենք, որ «Ղըպայրի»ի շրջանի քաղաքապետարանը պատասխանելով երկրի Ներքին գործոց նախարարի բողոքներուն, յայտնած էր, որ իրնք մէկ տարի առաջ կատարած էին փողոցի անուանումը, այնուհետեւ դիմում կատարած էին Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութիւն եւ թիւ 63 օրէնքին համաձայն պահանջած էին, որ այդ անուանումը վաւերացուի երկրի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Իր կարգին ներքին գործոց նախարար Մաշնուք յայտարարած է, որ նման անուանում մը կրնայ քաղաքական լուրջ երկփեղկման եւ ատելութեան հրահրման պատճառ հանդիսանալ, տրուած ըլլալով, որ իրենց համար Պատըր Ալտինի անունը կ'առնչուի Հարիրի սպանութեան հետ:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի սպաննուած էր 14 փետրուար 2005 թուականին, Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցած մեծ պայթումի մը հետեւանքով: Սպանութենէն ետք, եւ համաձայն Լիբանանի պատկան մարմիններու դիմումներուն, ստեղծուեցաւ միաջազգային յատուկ դատարան, որուն գլխաւոր գործը պիտի ըլլար բացայայտել Հարիրիի քաղաքական սպանութեան հանգամանքները:

Նշենք, որ ըստ արեւմտեան աղբիւրներու, ինչպէս նաեւ Հարիրիին մօտիկ համարուող քաղաքական կողմին, սպանութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է «Հըզպալլա»ի անդամ չորս ներկայացուցիչներ, մինչ «Հըզպալլա» եւ անոր դաշնակիցները կտրականապէս կը մերժեն այս ամբաստանութիւնները, նշելով, որ միջազգային դատական ատեանը քաղաքական գործունէութիւն կը տանի եւ կը կատարէ որոշ կողմերու պատուէրները:

 Յիշեցնենք, որ Մուսթաֆա Պատըր Ալտին կը համարուի «Հըզպալլա»ի արդի շրջանի կարեւոր մարտական առաջնորդներէն մէկը, ան սպաննուած է 2016 թուականին, Դամասկոսի մէջ եւ անոր սպանութեան ծալքերը մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ անյայտ: