image

Լիբանանեան վարժարանները նոր տագնապի առջե՞ւ

Լիբանանեան վարժարանները նոր տագնապի առջե՞ւ

Ինչպէս գիտենք, լիբանանեան վարժարանները կը պատրաստուին նոր կրթական տարեշրջանի վերամուտին: Ան տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը:

Երէկ «Ալ-Նահար» օրաթերթը յատուկ նիւթ մը հրապարակելով, անդրադարձած է դպրոցական ընդհանուր իրավիճակին, թերթը գրած է, որ յառաջիկայ օրերուն նոր տագնապ մը կրնայ ստեղծուիլ պարզ այն պատճառով, որ յատկապէս սեփական դպրոցներու մեծ մասը կը մերժէ ենթարկուիլ կառավարութեան կողմէ հրապարակուած եւ «թիւ 46» անունով յայտնի յաւելումներու օրէնքին: Խնդիրն այն է, որ դպրոցներու կարեւոր մէկ մասը պիւտճէական հարցեր ունի եւ այդ պատճառով կը մերժէ պետութեան կողմէ ուսուցիչներուն համար նախատեսուած յաւելավճարներու օրինագիծը գործադրել:

Նշենք, որ սեփական վարժարաններու տնօրէնները տարբեր առիթներով յայտարարած են, որ իրենց համար բաւական տանջալի խնդիր մըն է յաւելավճարներու ապահովումը, պարզ այն պատճառով, որ դպրոց յաճախող աշակերտներու ծնողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը մերժէ դպրոցական կրթաթոշակներուն յաւելման մասին որեւէ խօսակցութիւն:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի տարբեր պատասխանատուներ, որոնց կարգին Մարոնիներու Րահի պատրիարքը տարբեր առիթներով կոչ ուղղած էր անպայման ապահովել եւ լուծել երկար տարիներէ ձգձգուող՝ սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու յաւելավճարի խնդիրները:

Ինչ կը վերաբերի հայկական վարժարաններուն, մինչեւ այս պահը այս թեմայի մասին որեւէ խօսակցութիւն չկայ եւ կը սպասուի որ «Արեւելք» յառաջիկային այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ հրապարակէ: